Հայաստանը ԵՄ-էն կ’ակնկալէ այն ապահովութիւնն ու համապարփակ անվտանգային համակարգը, որ ունի Միութիւնը։
ԱԺ Եւրոպական համարկման հարցերու մշտական յանձնաժողովի արտահերթ նիստին «Եւրոպական Միութեան Հայաստանի Հանրապետութեան անդամակցելու գործընթացի մեկնարկի մասին» օրէնքի նախագիծի քննարկման ժամանակ այս մասին ըսաւ նախաձեռնող խումբի լիազօր ներկայացուցիչ Արտակ Զէյնալեան՝ պատասխանելով «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Գէորգեանի հարցումին, թէ ինչպիսի՞ն են անվտանգութեան ոլորտին մէջ Հայաստանի ակնկալիքները ԵՄ-էն։
«Այն ապահովութիւնը, որը կայ Եւրոպական Միութիւնում, մենք ակնկալում ենք ԵՄ անդամակցելու գործընթացի ընթացքում ստանալ, որպէսզի այն տարածուի նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան վրայ։ Երբ Հայաստանը դառնայ ԵՄ անդամ, կը դառնայ նոյն անվտանգութեան համակարգի մաս, ինչ ունի Միութիւնը։ Անվտանգութիւնը բազմաբաղադրիչ երեւոյթ է։ Դա միայն զինուած ուժերի կամ պաշտպանութեան մասին չէ, այլեւ տնտեսութեան, ժողովրդավարութեան եւ հիմնարկների, որոնք ապահովում են համապարփակ անվտանգութիւն։ Դառնալով Եւրոպական Միութեան անդամ կամ ընթանալով այդ ուղղութեամբ՝ ակնկալում ենք մտնել այդ անվտանգութեան հովանոցի տակ»,- նշեց Զէյնալեան։
Ազգային Ժողովը Փետրուար 11-էն սկսած էր Եւրոմիութեան Հայաստանի անդամակցութեան գործընթաց սկսելու մասին օրէնքի նախագիծի քննարկումները։ Նախագիծը ներկայացուցած է «Եւրաքուէ» քաղաքացիական նախաձեռնութիւնը՝ սահմանուած ժամկէտի մէջ հաւաքելով ԱԺ-ին օրէնսդրական նախաձեռնութիւն ներկայացնելու համար անհրաժեշտ ստորագրութիւնները։ Նախաձեռնութեանը յաջողած էր հաւաքել 60 հազար ստորագրութիւն՝ անհրաժեշտ 50 հազարի փոխարէն։ Յունուար 9-ին օրինագիծը քննարկուած եւ հաւանութեան արժանացած էր ՀՀ կառավարութեան նիստին, որմէ յետոյ ուղարկուած էր խորհրդարանի քննարկման։
Ազգային Ժողովը Փետրուար 12-ի նիստին առաջին ընթերցմամբ ընդունած էր «Եւրոպական Միութեան Հայաստանի Հանրապետութեան անդամակցելու գործընթացի մեկնարկի մասին» օրէնքի նախագիծը։ Նախագիծի երկրորդ ընթերցմամբ քննարկումն ու քուէարկութիւնը յետաձգուած էր։