Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ատրպէյճանական Կողմի Զօրքերու Տեղաշարժ Չկայ, Գետնի Վրայ Նման Երեւույթ Տեսանելի Չէ․ Պապիկեան

Ատրպէյճանական Կողմի Զօրքերու Տեղաշարժ Չկայ, Գետնի Վրայ Նման Երեւույթ Տեսանելի Չէ․ Պապիկեան

by MassisPost

ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան Ազգային Ժողովին մէջ լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ժամանակ անդրադարձաւ զինադադարի դէպքերու խախտման վերաբերեալ ատրպէյճանական կողմէ հնչող ապատեղեկատուութիւններուն։

Նախարարը նշեց, որ չի կրնար գնահատական տալ, թէ ինչու կը տարածեն նման տեղեկութիւններ, սակայն եւս մէկ անգամ ընդգծեց՝ Հայաստանը պատրաստ է փաստերու պարագային ուսումնասիրել, հետաքննել զանոնք:

«Արբանեակային նկարները չեն կարող ցոյց տալ գնդակների կրակել-չկրակելու մասին, դրա համար պէտք են տեսանիւթեր, իսկ քանի որ մեղադրողը մենք չենք, այլ մեր հարեւաններն են, մենք ասում են՝ եթէ ունէք ապացոյցներ, տրամադրէք մեզ, մենք պատրաստ ենք ուսումնասիրել, հետաքննել, մինչ օրս չենք ստացել նմանատիպ արձագանգներ»,- ըսաւ ան։

Նախարարին խօսքով՝ ատրպէյճանական կողմի զօրքերու տեղաշարժ չկայ․ «Որպէսզի նման գնահատական տամ, պէտք են հետախուզական տուեալներ, այս պահին գետնի վրայ նման երեւոյթ տեսանելի չէ: Մամուլում առկայ տեղեկատուութիւնը, որ տեղի են ունենում կրակոցներ, զօրքերի տեղաշարժեր, Պաշտպանութեան նախարարութիւնը չի հաստատում»։

Պապիկեան ընդգծեց, որ թէ՛ ներկայ, թէ՛ նախկին պաշտօնեանները կրակոցներու կամ սահմանի վերաբերեալ տարածեն միայն ճշգրիտ տեղեկատուութիւն, իսկ տեղեկատուութիւնը ճշգրիտ է, եթէ այն ճշդուած է Պաշտպանութեան նախարարութեան հետ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment