ՀՀ Ազգային Ժողովի «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր, Պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան յանձնաժողովի նախագահ Անդրանիկ Քոչարեանի խօսքով՝ Ատրպէյճանը մշտապէս ապատեղեկատուութիւն կը տարածէ եւ այժմ ալ կը շարունակէ։
Այս մասին ան ըսաւ Ազգային Ժողովին մէջ լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ժամանակ՝ անդրադառնալով վերջին քանի մը օրերուն Ատրպէյճանի տարածած ապատեղեկատուութիւններուն, թէ հայկական կողմը սահմանին կրակ կ’արձակէ։
«Ունեն իրենց նպատակը, որ լարուածութեան օճախ պահեն Հայաստանում, եւ դա յաջողւում է, որովհետեւ հիմա մենք դա ենք քննարկում։ Բայց դա խաղաղութեան օրակարգի՝ Հայաստանի պատկերացումներում չի տեղաւորւում»,- ընդգծեց Քոչարեան:
Անդրադառնալով ՀՀ վարչապետի այն յայտարարութեան, որով ան ՀՀ պաշտպանական գերատեսչութեան յանձնարարած է զինադադարի որեւէ խախտում չընել՝ շեշտելով, որ Հայաստանը կ’երթայ խաղաղութեան, ոչ թէ պատերազմի, Քոչարեան նշեց․ «Զինուած ուժերի մօտ ոչ թէ զգօնութեան պակասի խնդիր է առաջանալու, այլ զգօնութիւնը աւելի աւելացնելու, ամենաբարձր մակարդակով դա ասուեց։ Սահմանային իրավիճակին հետեւում ենք, եթէ վտանգ տեսնենք, զինուած ուժերը վտանգի մասին ոչ թէ խօսում է, այլ իրականացնում իր իրաւասութիւնների սահմաններում գործողութիւների պլան, որը, ըստ անհրաժեշտութեան, կիրառելու են»։
Պատգամաւորը շեշտեց, որ Հայաստանը խաղաղութիւն չի մուրար, այլ կ’ուզէ․ «Խաղաղութիւնը պէտք է Ատրպէյճանին, մեր հարեւան բոլոր երկրներին, որովհետեւ խաղաղութիւնն է բոլորի նպատակը, ինչքան էլ կռուես, կռիւ անելը հեշտ է, խաղաղութեան հասնելն է դժուար։ Խաղաղութիւնը մարդկային կեանք է, կորուստներ են, պետութիւնների քանդման հնարաւորութիւնն է, ինչո՞ւ չապրել խաղաղ պայմաններում»։
Յիշեցնենք, որ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին առաջարկած է սկսիլ խորհրդակցութիւններ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի համաձայնեցուած նախագծի ստորագրման շուրջ։
Միեւնոյն ժամանակ կառավարութեան ղեկավարը յայտնած է, որ ՀՀ պաշտպանական գերատեսչութեան յանձնարարած է զինադադարի որեւէ խախտում չընել՝ շեշտելով, որ Հայաստանը կ’երթայ խաղաղութեան, ոչ թէ պատերազմի։
Ի պատասխան Հայաստանէն հնչող խաղաղասիրական յայտարարութիւններուն եւ կոչերուն՝ պաշտօնական Պաքուն, որ օրեր առաջ հաստատած էր, որ խաղաղութեան պայմանագրի բոլոր կէտերը համաձայնեցուած են, ետքայլ կատարած է եւ յայտարարած, թէ խաղաղութեան պայմանագիր կը ստորագրեն այն ժամանակ, երբ Հայաստանը փոփոխութիւններ կատարէ իր Սահմանադրութեան մէջ: