Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ատրպէյճանի ԱԳ Նախարարը Ըսած Է Թէ Ինչ Անհրաժեշտ Է Խաղաղութեան Համաձայնագիրը Ստորագրելու Համար

Ատրպէյճանի ԱԳ Նախարարը Ըսած Է Թէ Ինչ Անհրաժեշտ Է Խաղաղութեան Համաձայնագիրը Ստորագրելու Համար

by MassisPost

2025 թուականի Մարտ 19-ին հեռախօսազրոյց տեղի ունեցած է Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարար Ճէյհուն Պայրամովի եւ Մեծ Բրիտանիոյ արտաքին գործերու պետական քարտուղար Տէյվիտ Լամիի միջեւ։

Հեռախօսազրոյցի ընթացքին քննարկուած են տարածաշրջանային ներկայ իրավիճակը, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան հաստատման գործընթացի ներկայ վիճակը։

Պայրամով ընդգծած է, որ, չնայած խաղաղութեան համաձայնագրի բնագրին շուրջ բանակցութիւններու աւարտին, համաձայնագիրը ստորագրելու համար անհրաժեշտ է համապատասխան փոփոխութիւններ կատարել Հայաստանի Սահմանադրութեան մէջ՝ «Ատրպէյճանի նկատմամբ տարածքային պահանջները» վերացնելու համար։

Միաժամանակ նշուած է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի եւ այլ համապատասխան կառոյցներու վերացման կարեւորութիւնը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment