«Ազատութիւն» ռատիոկայանի ֆինանսաւորումը դադարեցնելու վերջին որոշումը լուրջ յետընթաց է անկախ լրագրութեան եւ մամուլի ազատութեան սկզբունքներուն համար, յայտարարած է Բրիւսէլի մէջ գործող Օտարերկրյա թղթակիցներու ընկերակցութիւնը՝ համերաշխութիւն յայտնելով ռատիոկայանի լրագրողներուն եւ անձնակազմին։
«Ապատեղեկատուութեան եւ ավտորիտար պատմութիւններու դէմ պայքարը «Ազատութիւն» ռատիոկայանի հիմնական առաքելութիւնն է աւելի քան 75 տարի։ Նոյնիսկ փակ հասարակութիւններու մէջ անոնց անգրաքննուած լուրերը հասած են միլիոնաւոր մարդոց։ Ճշգրիտ, անկողմնակալ եւ փաստերու վրայ հիմնուած հաղորդումները կը մնան նոյնքան անհրաժեշտ», – յայտարարած է ընկերակցութեան նախագահ Տաֆիտ Աբ Յագոն, ընդգծելով՝ «Ազատութիւն» ռատիոկայանի կորուստը կը խաթարէ ժողովրդավարական արժէքները պաշտպանելու եւ ճնշող վարչակարգերուն դիմակայելու հաւաքական ջանքերը։
«Յուսով ենք, որ Եւրոպական Միութիւնը պիտի գտնէ ուղիներ՝ օգնելու շարունակել այն անգնահատելի ներդրումն ու փորձառութիւնը, զոր «Ազատութիւն» ռատիոկայանը բերած է համաշխարհային տեղեկատուական դաշտին մէջ։ «Ազատութիւն» ռատիոկայանի անձնակազմին՝ ինչպէս անցեալին, այնպէս ալ ներկայիս, կը յայտնենք մեր խորին երախտագիտութիւնն ու անսասան աջակցութիւնը։ Ձեր աշխատանքը մեծ ազդեցութիւն ունեցած է, եւ ձեր ձայնը պէտք չէ լռէ», – ըսած է ընկերակցութեան նախագահ Դաֆիտ Աբ Յագոն։
ԱՄՆ նախագահ Տոնալդ Թրամփը Մարտ 4-ին յօդուած ստորագրած է, որով կը կրճատուին եօթ դաշնային գործակալութիւններ։ Անոնց շարքին է նաեւ ԱՄՆ գլոբալ լրատուամիջոցներու գործակալութիւնը (USAGM), որ վերահսկէ «Ազատութիւն» ռատիոկայանը եւ «Ամերիկայի Ձայն» լրատուամիջոցները։
Այս երկու լրատուամիջոներու հայկական բաժիներու ճակատագիրը այժմ կը յայտնուի հարցականի տակ։