Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փենթակոնը Արձագանգած Է Հայաստան Զինուորական Սարքեր Հնարաւոր Տեղափոխման Մասին Լուրին

Փենթակոնը Արձագանգած Է Հայաստան Զինուորական Սարքեր Հնարաւոր Տեղափոխման Մասին Լուրին

by MassisPost

ԱՄՆ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը չի մեկնաբաներ Հայաստանի ուղղութեամբ զինուորական սարքերու հնարաւոր տեղափոխման մասին տեղեկատուութիւնը, որուն մասին հրապարակ կատարած էր ռուսական RT գործակալութիւնը։

«Արմէնփրես»-ի հարցումին ի պատասխան այս մասին ըսին ԱՄՆ Պաշտպանութեան նախարարութենէն։

«ԱՄՆ բարձր կը գնահատէ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները։ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը չի մեկնաբաներ զինուորական սարքերու տեղաշարժերը՝ անվտանգութեան նկատառումներէ ելլելով»,- ըսին ԱՄՆ Պաշտպանութեան նախարարութենէն։

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը դեռ չի տվեչէ տուած պաշտօնական արձագանգ։

Աւելի վաղ, ռուսական RT լրատուական գործակալութիւնը հրապարակած էր տեղեկութիւն, թէ ԱՄՆ բանակի լոկիսթիք հրամանատարութիւնը կը նախատեսէ Գերմանիոյ «Տիւլմեն» ռազմակայանէն զինուոր սարքեր եւ տարբեր նշանակութեան սարքաւորումներ տեղափոխել Հայաստանի «Զառ» զօրավարժարան՝  հայ-ամերիկեան հաւանական զօրավարժութիւններու համար։

Ըստ հրապարակուած տուեալներուն՝ սարքերու տեղափոխումը նախատեսուած է Յուլիս 16-էն Օգոստոս 7, իսկ վերադարձը Գերմանիա կը նախատեսուի Օգոստոս 21-էն Սեպտեմբեր 20։

Կը նշուի, որ սարքերը Հայաստան պիտի տեղափոխուին Վրաստանի տարածքով, քանի որ փոխադրութեան երթուղին չի կրնար անցնիլ Ռուսաստանի, Թուրքիոյ կամ Ատրպէյճանի տարածքով՝ դիւանագիտական թոյլտուութիւններու բարդութիւններու պատճառով։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment