Հարաւային Կովկասի մէջ հակամարտութիւնը պէտք է աւարտի, յայտնած է ԱՄՆ նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցով խորհրդական Մայք Ուլցը։
Ան յայտնած է, որ անցնող շաբաթ Ատրպէյճանի մէջ խօսած է այդ երկրի նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցով խորհրդական Հիքմեթ Հաճիեւի հետ։
«Մենք գոհ ենք, որ Ատրպէյճանը եւ Հայաստանը յառաջընթաց մեծ քայլ ըրած են եւ համաձայնած են խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ։ Ես անոր ըսի, որ այժմ մենք պէտք է վերջնականացնենք այդ խաղաղութեան գործարքը, ազատ արձակենք բանտարկեալները, եւ միասին աշխատինք տարածաշրջանը աւելի անվտանգ եւ բարգաւաճ դարձնելու ուղղութեամբ», – X-ի մէջ գրած է Տոնալտ Թրամփի խորհրդականը։
«Ամերիկայի Ոսկեդարը խաղաղութիւն եւ բարգաւաճում պիտի բերէ աշխարհին, եւ մենք չենք դադրիր աշխատելէ, մինչեւ այդ տեղի ունենայ»,- վստահեցուցած է Թրամփի խորհրդականը։