Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՀՀ Վարչապետը Ընդունած Է Ռուսաստանի Նախագահին Հրաւէրը. Քրեմլինը Մանրամասնութիւններ Յայտնած Է Փաշինեան-Փութին Հեռախօսազրոյցէն

ՀՀ Վարչապետը Ընդունած Է Ռուսաստանի Նախագահին Հրաւէրը. Քրեմլինը Մանրամասնութիւններ Յայտնած Է Փաշինեան-Փութին Հեռախօսազրոյցէն

by MassisPost

Տեղի ունեցած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հեռախօսազրոյցը Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Վարչապետը Ռուսաստանի նախագահին տեղեկացուցած է «Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան եւ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման մասին համաձայնագրի» նախագիծի բնագրի համաձայնեցման եւ անոր շուրջ բանակցութիւններու աւարտի մասին։

Քրեմլինը մանրամասնութիւններ յայտնած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հեռախօսազրոյցէն։

«Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին հեռախօսազրոյցին մէջ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին վստահեցուցած է, որ Մոսկուան շահագրգռուած է Պաքուի եւ Երեւանի յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցով եւ պատրաստ է ամէն կերպ նպաստելու անոր։ Վլատիմիր Փութին ընդգծած է, որ Ռուսաստանը միշտ հանդէս եկած է հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման օգտին՝ տարածաշրջանին մէջ անվտանգութեան, կայունութեան եւ կայուն ընկերա-տնտեսական զարգացման շահերէն ելլելով։

Ե՛ւ Հայաստանը, ե՛ւ Ատրպէյճանը միշտ կրնան յոյս դնել ռուսական կողմի որեւէ հնարաւոր օգնութեան վրայ՝ այդ նպատակներուն հասնելու համար»,- կ’ըսուի Քրեմլինի հաղորդագրութեան մէջ։

Կը նշուի նաեւ, որ զրոյցը տեղի ունեցած է հայկական կողմին նախաձեռնութեամբ։

«Հայաստանի վարչապետը հաստատած է, որ կ’ընդունի ՌԴ նախագահին հրաւէրը եւ պիտի մասնակցի Մայիս 9-ին Մոսկուայի մէջ Հայրենական մեծ պատերազմին տարած յաղթանակի 80-ամեակի առթիւ տարեդարձի տօնակատարութիւններուն»,- յայտնած են Քրեմլինէն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment