Եւրոմիութիւնը կ’ողջունէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի կատարած համապատասխան յայտարարութիւնները խաղաղութեան համաձայնագրի եւ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման նախագիծի շուրջ բանակցութիւններու աւարտին վերաբերեալ, կ’ըսուի ԵՄ կայքին մէջ տեղադրուած յայտարարութեան մէջ։
Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ ԵՄ-ն լիովին կ’աջակցի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին եւ պատրաստ է յաւելեալ աջակցութիւն ցուցաբերելու։
«Մենք բարձր կը գնահատենք վերջին քանի մը տարիներուն երկու կողմերուն յամառ աշխատանքը այս ուղղութեամբ՝ ինչպէս երկկողմ, այնպէս ալ միջազգային հանրութեան մասնակցութեամբ։ Համապատասխան յայտարարութիւնները վճռական քայլ են տարածաշրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան եւ անվտանգութեան ճանապարհին։ Կարեւոր է պահպանել այս շարժը եւ ապահովել այս գործընթացի սահուն աւարտը՝ երկու կողմերու նոյն հեռատես եւ փոխզիջումային մօտեցմամբ»,- նշուած է յայտարարութեան մէջ։