Եւրոխորհրդարանը բանաձեւ ընդունեց՝ Պաքուէն պահանջելով անյապաղ ազատ արձակել հայ գերիները: Այն ընդունուեցաւ 464 կողմ, 115 դէմ եւ 39 ձեռնպահ ձայներով։
«Ատրպէյճանի կողմէ հայ պատանդներու, այդ շարքին՝ Լեռնային Ղարաբաղի բարձրաստիճան քաղաքական ներկայացուցիչներու ապօրինի ձերբակալումը եւ անոնց դէմ շինծու դատավարութիւնները» վերտառութամբ բանաձեւը
- կը դատապարտէ Ատրպէյճանի կողմէ հայ պատանդներու դէմ անմարդկային վերբերմունքը եւ կը պահանջէ անոնց անյապաղ եւ անվերապահ ազատ արձակումը,
- խոր մտահոգութիւն կը յայտնէ խոշտանգումներու եւ դաժան վերաբերմունքի դէպքերու վերաբերեալ եւ կոչ կ’ընէ անկախ հետաքննութիւն կատարելու այդ խախտումներուն վերաբերեալ,
- Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կոչ կ’ընէ կատարելու իրենց միջազգային պարտաւորութիւնները, ներառեալ՝ Ժընեւի պայմանագիրը եւ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական պայմանագիրը,
- ԵՄ-էն եւ միջազգային կազմակերպութիւններէն կը պահանջէ նպաստել մարդասիրական եւ բժշկական առաքելութիւններու տեղակայման, որպէսզի գնահատեն պատանդառնուած անձերուն պայմանները,
- կ’ընդգծէ հայ քաղաքական բանտարկեալները ազատ արձակելու, անոնց պաշտպանութիւնը ապահովելու եւ անոնց նկատմամբ դաժան վերաբերմունքի համար պատասխանատու անձերը պատասխանատուութեան ենթարկելու դիւանագիտական ջանքերուն հրատապ անհրաժեշտութիւնը,
- կոչ կ’ընէ Խորհուրդին նպատակային պատժամիջոցներ կիրառելու Ատրպէյճանի պաշտօնատար անձերու նկատմամբ, որոնք պատասխանատու են Մարդու իրաւունքներու խախտումներու մասին հաղորդումներու համար, այդ շարքին՝ դատաւորներ Զեյնալ Աղաեւի, Ճամալ Ռամազանովի եւ Անար Ռզաեւի նկատմամբ,
- խստօրէն կը դատապարտԷ ՄԱԿ-ի մարմիններու եւ Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի գրասենեակները փակելու Ատրպէյճանի կառավարութեան որոշումը, ինչ որ լրջօրէն կը խոչընդոտէ միջազգային մարդասիրական ջանքերը եւ վերահսկողութեան մեխանիզմները,
- կոչ կ’ընէ միջազգային քրէական դատարանին եւ վերջինիս գլխաւոր դատախազին հետաքննելու Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան նկատմամբ բռնի տեղահանումներու, հետապնդումներու եւ ցեղային զտումներու վերաբերեալ գործերը,
- կ’ողջունէ ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու գերագոյն յանձնակատարի յայտարարութիւնը, որ կը պահանջէ անվերապահ ազատ արձակել եւ անվտանգ վերադարձնել Ատրպէյճանի մէջ ապօրինի պահուող բոլոր ռազմագերիները, պատանդները եւ այլ կալանաւորուած անձեր, այդ շարքին՝ Լեռնային Ղարաբաղի բարձրաստիճան պաշտօնեաները: