«Հայաստանին մատակարարուող աւերիչ զէնքերը ուղղուած են մեր դէմ: Հնարաւոր է, այսօր անոնք այլ տեղ կը պահանջուին։ Բայց այդ զէնքերը կ’ուղարկուին Հայաստան»։ Պաքուի XII համաշխարհաին համաժողովի բացման արարողութեան ժամանակ իր ելոյթին մէջ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ կրկին անդրադարձած է Հայաստանին մատակարարուող պաշտպանական սպառազինութեան եւ կրկին չէ խօսած այն մասին, թէ Ատրպէյճան ինչ զէնքեր կը մատակարարուին:
Ան դարձեալ անդրադարձած է Եւրոպական դիտորդական առաքելութեան եւ կրկին համարած, թէ ատիկա «ԵՄ հետախուզական առաքելութիւն է»: Ատրպէյճանի նախագահին խօսքով՝ իրենք այդ հարցերը բարձրացուցած են Հայաստանի ներկայացուցիչներուն եւ Պրիւքսէլի մէջ նստած նոր առաջնորդներուն առջեւ. «Այժմ անոնք փոխարինած են իրենց (հայերու) մեծ եղբօրը: Այժմ այդ «մեծ եղբայրը» դարձած է Պրիւքսէլը»:
Ալիեւ իրեն թոյլ տուած է խօսիլ «փտած» ամերիկացի քաղաքական գործիչներու մասին, որոնք «տասնամեակներ շարունակ աջակցած են հայկական սփիւռքին»: Ալիեւ այս ծիրին մէջ խօսած է Ռոպըրթ Մենենտեսի մասին, որուն, անոր խօսքով, լրջագոյն խնդիրներ կը սպասեն: «Անոր նմանները իրենցմէ (հայկական սփիւռքէն) դրամ կը վերցնեն եւ կը դնեն իրենց գրպանը։ Օրինակ՝ անով կը զբաղին պարոն Ատամ Շիֆը, պարոն Ֆրենք Փալոնը, տիկին Նենսի Փելոսին եւ շատ ուրիշներ։ Անոնք տասնամեակներ շարունակ դրամ կը ստանան ԱՄՆ-ի հայկական սփիւռքի կազմակերպութիւններէ՝ Ատրպէյճանի վրայ յարձակելու եւ վարկաբեկելու համար»։