Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Թրքական Լրատուամիջոցներու Ներկայացուցիչները Հայաստան Ժամանած Են Հանրային Կապերու Եւ Տեղեկատուութեան Կեդրոնի Կազմակերպած Մետիաշրջագայութեան Ծիրին Մէջ

Թրքական Լրատուամիջոցներու Ներկայացուցիչները Հայաստան Ժամանած Են Հանրային Կապերու Եւ Տեղեկատուութեան Կեդրոնի Կազմակերպած Մետիաշրջագայութեան Ծիրին Մէջ

by MassisPost

ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի Հանրային կապերու եւ տեղեկատուութեան կեդրոնը, նպատակ ունենալով Թուրքիոյ լայն հանրութեան հնարաւորինս ուղիղ եւ հանգամանալից ներկայացնել տարածաշրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան հաստատման, Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերեալ Հայաստանի մօտեցումներն ու դիրքորոշումները, կազմակերպած է թրքական լրատուամիջոցներու մետիաշրջագայութիւն։

Այս մասին յայտնած է Հարային կապերու եւ տեղեկատուութեան կեդրոնի տնօրէն Գոռ Ծառուկեանը։

Ծրագրի շրջանակներուն մէջ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչները հարցազրոյցներ եւ քննարկումներ ունեցած են ՀՀ վարչապետին, շարք մը պաշտօնեաներու, ինչպէս նաեւ` փորձագիտական հանրոյթի ներկայացուցիչներու հետ։ Մետիաշրջագայութիւնը կազմակերպուած է Հանրային կապերու եւ տեղեկատուութեան կեդրոնի նախաձեռնութեամբ եւ կեդրոնին միջոցներով։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment