Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» Նախաձեռնութիւնը Ռազմավարական Նշանակութիւն Ունի. ԵՏՅ Առեւտուրի Վարչութիւն

Հայաստանի «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» Նախաձեռնութիւնը Ռազմավարական Նշանակութիւն Ունի. ԵՏՅ Առեւտուրի Վարչութիւն

by MassisPost

Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ յառաջ քաշուած «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» նախաձեռնութիւնը ռազմավարական նշանակութիւն ունի։

Մոսկուայի մէջ «Արմէնփրես»-ի թղթակիցին հարցումին ի պատասխան՝ այս մասին նշած են Եւրասիական Տնտեսական Յանձնաժողովի առեւտուրի հարցերով վարչութենէն։

«Մենք կ’ակնկալենք, որ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» ծրագրի իրականացումը զգալիօրէն պիտի ամրապնդէ Հայաստանի դերը Մեծ Եւրասիական տարածքին՝ յատկապէս ճանապարհային միջանցքներու ընդլայնման եւ տարանցիկ ներուժի աւելացման շնորհիւ։ Հարաւային Կովկասի մէջ ճանապարհային երթուղիներու բազմազանումը դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ ոչ միայն տարածաշրջանի փոխադրութեան համակարգի, այլեւ ԵԱՏՄ-ի եւ երրորդ երկիրներու, այդ շարքին՝ Իրանի հետ առեւտրային կապերու զարգացման վրայ»,- ըսուած է պաշտօնական մեկնաբանութեան մէջ։

Գերատեսչութիւնէն կարեւորած են, որ Իրանի կառավարութիւնը եւս պաշտօնապէս յայտնած է իր աջակցութիւնը այդ նախագիծին՝ ընդգծելով, որ ԵԱՏՄ անդամ պետութիւններու եւ Իրանի միջեւ համագործակցութիւնը յարաշարժօրէն կը զարգանայ։

«Արդէն կը մօտենանք ԵԱՏՄ-ի եւ Իրանի միջեւ լիարժէք ազատ առեւտուրի համաձայնագրի ուժի մէջ մտնելու վերջնագիծին։ Այն ստորագրուած է 2023թ. Դեկտեմբերին, եւ կ’ակնկալուի, որ ուժի մէջ մտնէ սոյն թուականի Մայիսին։ Մենք համոզուած ենք, որ այս համաձայնագրի իրականացումը էականօրէն պիտի խթանէ առեւտուրի զարգացումը, քանի որ այն թոյլ պիտի տայ առաւել արդիւնաւէտ կերպով օգտագործելու առկայ առեւտրային ներուժը։ Իրանի հետ համաձայնագրի ծիրին մէջ մենք հասած ենք զգալի արդիւնքներու՝ ազատ առեւտուրի կարգի մաքսատուրքերու ազատականացման հարցով, եւ ապրանքներու աւելի քան 90%-ը պիտի ըլլայ առանց մաքսատուրքերու»,- կը նշուի պատասխանին մէջ:

Ըստ ԵՏՅ առեւտուրի հարցերով վարչութեան գնահատականին՝ հայկական ապրանքներու արտահանումը Իրան այդ համաձայնագրէն զգալիօրէն պիտի շահի, եւ արտահանուող ապրանքներուն գերակշիռ մասը պիտի ներառուի մաքսատուրքային արտօնութիւններու տիրոյթին մէջ։ Բացի շուկայի հասանելիութենէն, համաձայնագրին մէջ յատուկ ուշադրութիւն դարձուած է տնտեսական ճիւղային համագործակցութեան, մասնաւորապէս՝ փոխադրութեան եւ տարանցիկ բեռնափոխադրումներու զարգացման հարցերուն։

«ԵԱՏՄ-ի եւ Իրանի միջեւ առեւտրաշրջանառութեան զգալի աճի պայմաններուն մէջ օրակարգային կը դառնայ լոկիսթիք ենթակառուցուածքի արդիականացումը, փոխադրութեան շղթաներու արդիւնաւէտութեան բարձրացումը, թուայնացումը, ինչպէս նաեւ նոր լոկիսթիք կեդրոններու զարգացումը։ Այդ ծիրին մէջ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» նախաձեռնութիւնը ռազմավարական նշանակութիւն ունի»,- ըսուած է ԵՏՅ առեւտուրի հարցերով վարչութեան կողմէ տրամադրուած մեկնաբանութեան մէջ։

 

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment