Հալէպի նահանգային իշխանութիւնները այցելած են ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսութիւն: Այս մասին յայտնած է հիւպատոսութեան մամուլի ծառայութիւնը։
«Մարտ 10-ին Հալէպի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսութիւն այցելեցին Հալէպի նահանգապետի տեղակալ Ալի Հաննուրան, նահագապետի խորհրդական Ղասսան Ֆարրուհը, աշխատակազմի ղեկավար Ապտ ալ-մունայիմ Ազատտինը, Արտաքին եւ քաղաքական յարաբերութիւններու վարչութեան պետ Ահմատ Պատաուին եւ Հասարականութեան հետ կապերու վարչութեան պետ Եասէր Մաուլոյը: Փոխադարձ ճանաչողական զրոյցէն յետոյ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոս Ա. Աւետիսեան անդրադարձած է հայ-արաբական պատմական կապերուն, հայ եւ սուրիացի ժողովուրդներուն միջեւ աւանդական ջերմ յարաբերութիւններուն, որ ազգամիջեան բարեկամութեան դասական օրինակ կրնայ ծառայել եւ օգտակար ըլլալ վերականգնելու հանդուրժողականութիւնը, ծառայելու եւ փարատելու ազգամիջեան թշնամանքը, աշխարհի բոլոր անկիւններուն մէջ: Հիւրերը իրենց լիարժէք համաձայնութիւնը յայտնած են այդ առնչութեամբ՝ յաւելելով, որ իրենք Սուրիոյ հայ քաղաքացիներուն եւ Հայաստանի հանդէպ ունին մեծ ակնածանք եւ յարգանք ու այդ վերաբերմունքը շարունակական պիտի ըլլայ:
«ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսը ներկայացուցած է համագործակցութեան լայն շրջանակը, բոլոր ասպարէզներուն մէջ, որ աւանդաբար գոյութիւն ունեցած է Հայաստանի եւ Սուրիոյ միջեւ, յաւելելով, որ Հայաստանը միշտ ալ պատրաստ է աջակցելու եւ համագործակցելու Սուրիոյ բարեկամ ժողովուրդին կողմէ ընտրուած իշխանութիւններուն հետ: Գլխաւոր հիւպատոսը հիւրերուն ներկայացուցած վերջերս կայացած ՀՀ արտաքին գործերու փոխնախարար Վ. Կոստանեանի այցը Դամասկոս եւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման ընթացքը: Ան համագործակցութեան իր տեսլականը ներկայացուցած է հիւրերուն՝ ակնկալելով նաեւ անոնց ցանկութիւնները եւ դիտարկումները այդ ուղղութեամբ:
Նահանգապետին տեղակալը իրենց պատրաստակամութիւնը յայտնած է ամենայն աջակութիւն ցուցաբերելու Հալէպի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսութեան աշխատանքներուն: Կողմերը պայմանաւորուած են փոխադարձաբար մշտական կապի մէջ ըլլա: Ա. Աւետիսեան իր ջերմ ողջոյնները յղած է նահանգապետին եւ խոստացած է մօտ ժամանակներս այցելել անոր»,- կ’ըսուի յայտարարութեան մէջ: