Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Շուէտ-Հայաստան Բարեկամութեան Խումբը Դատապարտած Է Պաքուի Մէջ Պահուող Հայերու Ապօրինի Բանտարկութիւնն Ու Անոնց Հանդէպ Դաժան Վերաբերմունքը

Շուէտ-Հայաստան Բարեկամութեան Խումբը Դատապարտած Է Պաքուի Մէջ Պահուող Հայերու Ապօրինի Բանտարկութիւնն Ու Անոնց Հանդէպ Դաժան Վերաբերմունքը

by MassisPost

Շուէտ-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամական խումբը կոչ կ’ընէ անյապաղ միջազգային գործողութիւններ ձեռնարկելու Պաքուի մէջ ապօրինի եւ շինծու մեղադրանքներով անազատութեան մէջ պահուող հայերը ազատելու համար՝ զգուշացնելով, որ անգործութիւնը պիտի խրախուսէ հետագայ բռնաճնշումները եւ մարդու իրաւունքներու խախտումները:

Շուէտ-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամական խումբի ընդունած յայտարարութեան մէջ մասնաւորապէս նշուած է, որ բոլոր հայ գերիներու անվերապահ ազատ արձակումը ապահովելու համար անհրաժեշտ է անյապաղ եւ վճռական գործողութիւններ իրականացնել։

«Մենք՝ Շուէտի Ռիքստակի մէջ (խմբ․ Շուէտի խորհրդարան) Շուէտ-Հայաստան բարեկամութեան խումբի ներքոստորագրեալ անդամներս, վճռականօրէն կը դատապարտենք Ատրպէյճանի կառավարութեան կողմէ մարդու իրաւունքներու կոպիտ եւ համակարգուած խախտումները։ Հայ բանտարկեալներու, այդ շարքին՝ քաղաքական գործիչներու եւ քաղաքացիական անձերու նկատմամբ ապօրինի բանտարկութիւնը, ֆիզիքական եւ հոգեբանական խոշտանգումները եւ քաղաքական հետապնդումները կը ներկայացնեն ոչ միայն մարդասիրական ճգնաժամ, այլեւ միջազգային իրաւունքի ակնյայտ խախտում։ Անհիմն մեղադրանքներով անձերու կամայական կալանաւորումը, որ կ’օգտագործուի որպէս քաղաքական բռնաճնշումներու գործիք, ուղղակի յարձակում է մարդու հիմնարար իրաւունքներու վրայ»,- նշուած է յայտարարութեան մէջ։

Կը նշուի, որ հայ խաղաղ բնակիչներու եւ ռազմագերիներու (գերիներու) շարունակուող բանտարկութիւնը Ժընեւի պայմանագրերու եւ Մարդու իրաւունքներու համընդհանուր հռչակագրի բացայայտ խախտում է։

«Այս գործողութիւնները, որոնք իրականացուած են եւ մնացած են անպատիժ, պետութեան կողմէ արտօնուած խոշտանգումներ եւ բռնի անհետացումներ են, որոնք նպատակ ունին լռեցնել քաղաքական այլախոհութիւնը եւ վախ սերմանել»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Յայտարարութեան մէջ կը շեշտուի, որ անկախ իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնները եւ իրաւական փորձագէտները փաստագրած են այս կալանաւորներուն նկատմամբ անմարդկային եւ նուաստացուցիչ վերաբերմունքը:

«Անոնք (խմբ․ Պաքուի բանտին մէջ պահուող անձեր), ենթարկուելով դաժան խոշտանգումներու, զրկուած ըլլալով փաստաբաններէ, ստիպուած եղած են դիմանալու կեղծ դատավարութիւններուն, անոնք դարձած են վայրագութիւններու զոհ։ Սա կը վնասէ Ատրպէյճանի միջազգային հեղինակութեան եւ վտանգաւոր նախադէպ կը ստեղծէ մենատիրական վարչակարգերու համար ամբողջ աշխարհի մէջ»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Բարեկամական խումբի յայտարարութիւնը նաեւ շեշտած է, որ այս խախտումները առանձին միջադէպեր չեն, այլ՝ դիտաւորեալ յանցագործութիւններ, որոնք կը խարխլեն մարդու իրաւունքներու եւ միջազգային իրաւունքի հիմքերը:

«Ատրպէյճանի կողմէ քաղաքական բանտարկեալները շարունակաբար որպէս լծակ օգտագործելը եւ անոնց նկատմամբ համակարգուած վատ վերաբերմունքը ռազմավարութիւն է՝ ապակայունացնելու տարածաշրջանային խաղաղութիւնն ու արդարութիւնը»,- ընդգծուած է խումբի յայտարարութեան մէջ:

Յայտարարութեան ներքոյ ստորագրած պատգամաւորները նաեւ ընդգծած են, որ միջազգային ուժեղ արձագանգի բացակայութիւնը միայն կը քաջալերէ հետագայ չարաշահումները եւ բռնաճնշումները:

Յայտարարութեան մէջ կ’ընդգծուի, որ նման կոպիտ խախտումներու դէմ միջազգային հանրութեան անգործութիւնը հաւասարազօր է մեղսակցութեան՝ մենատիրութեան ծաղկման եւ ճգնաժամի խորացման:

«Սա միայն դիւանագիտութեան խնդիր չէ, ատիկա բարոյական եւ իրաւական պարտաւորութիւն է։ Միջազգային հանրութիւնը չի կրնար ձեռքերը ծալած նստիլ, քանի դեռ նման դաժան անարդարութիւնները կը շարունակուին։ Այս գործողութիւնները ոչ միայն յարձակում են մարդու արժանապատուութեան վրայ, այլ նաեւ ուղղակի մարտահրաւէր են այն սկզբունքներուն, որոնք կը պաշտպանեն համաշխարհային կայունութիւնը, արդարութիւնը եւ հիմնարար իրաւունքները»,- ըսուած է բարեկամական խումբի յայտարարութեան մէջ, որուն մէջ նաեւ շեշտուած է, որ աշխարհը կը հետեւի, եւ այս ճգնաժամին արձագանգը պիտի սահմանէ արդարութեան եւ մարդու իրաւունքներու հանդէպ հաւատարմութիւնը:

 

 

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment