Ազգային Ժողովի ընդդիմադիր «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութեան ղեկավար Հայկ Մամիջանեան կը վստահեցնէ, որ իրենց եւ ընդդիմադիր միւս՝ «Հայաստան» խմբակցութեան միջեւ խզում չկայ:
Մամիջանեան այս մասին ըսաւ խորհրդարանական ճեպազրոյցին ընթացքին՝ անդրադառնալով ՀՀ երկրորդ եւ երրորդ նախագահներու խմբակներուն միջեւ հնարաւոր տարաձայնութիւններու, խզման վերաբերեալ հարցին:
«Խորհրդարանական երկու խմբակցութիւնների միջեւ խզում չկայ, բացարձակ չկայ»,- ըսաւ Մամիջանեան:
Միեւնոյն ժամանակ ընդդիմադիր խմբակցութեան ղեկավարը երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի աջակիցներէն ոմանք մեղադրեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի թեզերը վերօրինակելու մէջ:
«Եւ պարզուեց, որ դա նախագահ Քոչարեանի գրասենեակի ղեկավարն է»,- նշեց ան: