Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ գերիներուն նկատմամբ արգիլուած ներգործութիւնը անընդունելի է Հայաստանի համար, կառավարութեան հետ հարցուպատասխանի ընթացքին յայտնեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան: Ան կը պատասխանէր ընդդիմադիր պատգամաւոր Գեղամ Նազարեանի հարցումին, թէ ինչ կ’ընէ Հայաստանի դիւանագիտութիւնը գերիները ետ բերելու եւ հարցը միջազգային հանրութեան ուշադրութեան արժանացնելու համար:
Նիկոլ Փաշինեան պնդեց, որ կ’ընեն ինչ որ հնարաւոր է, եւ կ’առաջնորդուին չվնասելու սկզբունքով:
«Եթէ հարց է առաջանում, թէ ինչու արդիւնք չկայ, ես միշտ բերում եմ 2023-ի Դեկտեմբերի օրինակը, երբ մեր հայրենակիցներ վերադարձան Հայաստան: Մեր գնահատականը յստակ է՝ արգելուած միջոցներով, այդ թւում՝ ֆիզիքական, հոգեբանական եւ այլ արգելուած միջոցներով տեղի է ունենում արգելուած ներգործութիւն: Դա բնականաբար, անընդունելի է մեզ համար»,- յաւելեց կառավարութեան ղեկավարը:
Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, թէ խաղաղութեան պայմանագրի ուղղութեամբ գործադրուող ջանքերը մէկն են այն գործողութիւններէն, որ պիտի նպաստեն խնդիրի լուծման: Պատգամաւոր Խամոյեանը փորձեց պարզել, թէ մինչ այժմ Նիկոլ Փաշինեան ի՞նչ միջազգային կառոյցի կամ գործընկերոջ դիմած է այդ հարցով, եւ յաջողա՞ծ է արդեօք որեւէ միջազգային կառոյցի ներկայացուցիչ ուղարկել Պաքուի բանտ, այն ալ հիմա, երբ կը փակուի Կարմիր Խաչի գրասենեակը, որ միակ օղակն էր հայ գերիներուն վերաբերեալ որոշ տեղեկութիւններ ստանալու:
«Վարչապետի պարտականութիւնն է կեդրոնանալ ոչ միայն մէկ անձի, այլեւ Հայաստանի պետական շահերի եւ ՀՀ քաղաքացիների շահերի վրայ, այդ թւում՝ համաչափօրէն, խելամիտ ձեւով կեդրոնանալ մէկ անձի խնդիրների լուծման վրայ: Եթէ կայ նպատակ այս տրամաբանութիւնը շրջել, ապա ասեմ՝ դա անիրագործելի նպատակ է»,- արձագանգեց Նիկոլ Փաշինեան: