Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Երուսաղէմի Իշխանութիւնները Կ’ուզեն Բռնագանձել Հայոց Պատրիարքարանին Գոյքը

Երուսաղէմի Իշխանութիւնները Կ’ուզեն Բռնագանձել Հայոց Պատրիարքարանին Գոյքը

by MassisPost

Երուսաղէմի քաղաքային իշխանութիւնները կ’ուզեն բռնագանձել Հայոց պատրիարքարանի գոյքը՝ պատճառաբանելով, թէ հոգեւոր կառոյցը 1994 թուականէն չէ վճարած իր տարածքի վարձակալութենէն կուտակուած հարկը։ Մինչդեռ պատրիարքարանն ու տեղի հայերը կը պնդեն՝ քաղաքային իշխանութիւններուն պահանջը անհիմն ու անարդար է, եւ արդէն դատարան դիմած են՝ կանխելու պատրիարքությեան գոյքի բռնագանձումը:

«Եթէ, Աստուած մի արասցէ, Պատրիարքարանի հայցը մերժուի, Երուսաղէմի քաղաքապետարանը պիտի զաւթի Պատրիարքարանին պատկանող անշարժ գոյքը եւ այն պիտի հանէ աճուրդի, որպէսզի հաւաքէ ենթադրեալ վիճարկուող պարտքերը, որոնք երբեւէ չեն ապացուցուած դատական գործընթացներուն մէջ եւ մինչ այժմ գոյութիւն ունեցող սովորոյթներու համաձայն երբեւէ չեն կիրառուած»,- յայտարարած են Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութենէն՝ շեշտելով, որ քաղաքապետարանը իրաւական հիմքեր չէ ներկայացուցած ու չէ պարզաբանած՝ ինչպէս կուտակուած է ենթադրեալ պարտքը։

Աւելին, ըստ հաղորդագրութեան, անոր զգալի մասը կը վերաբերի գոյքի մը, որ փաստացի վարձակալութեամբ տրուած է Երուսաղէմի քաղաքապետարանին։ Պատրիարքարանէն չեն նշեր, թէ որքան պարտքի մասին է խօսքը, եւ ինչ շինութիւններ բռնագանձման վտանգի տակ են։ Երուսաղէմի հին քաղաքի զգալի հատուածին մէջ է հայկական թաղամասը, ուր ալ պատրիարքարանի շինութիւններն են՝ Սրբոց Յակոբեանց վանքը, վանքապատկան շինութիւնները, թարգմանչաց դպրոցը, հայկական տպարանը։

Երուսաղէմի հայ համայնքը ներկայացնող միջազգային փաստաբանական խումբի անդամ Արման Թաթոյեանի խօսքով՝ կուտակուած ենթադրեալ պարտքը աւելի քան 7 միլիոն տոլար է. «Երուսաղէմի համայնքապետարանը կը փորձէ հաւաքագրել հարկեր, ընդ որում միայն թիրախաւորելով Հայոց պատրիարքութիւնը, որ աւանդոյթի ուժով այն գոյքի համար, որ ենթակայ չէ ընդհանրապէս հարկման, եւ այստեղ շատ յստակ նաեւ պատմական կարեւոր աւանդոյթներ կան»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment