ՀՀ Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան յայտնած է, որ ԼՂ նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի լուսանկարը, որուն մէջ ան խոշտանգուած տեսք ունի, իր վրայ շատ ծանր տպաւորութիւն թողած է:
«Ոչ միայն Ռուբեն Վարդանեանի նկարը, նաեւ՝ միւս գերիների նկարները»,- լրագրողներու հետ զրոյցին ըսած է ան։
ԱԽ քարտուղարը վստահեցուցած է, որ իշխանութիւնը կ’օգտագործէ գոյութիւն ունեցող հնարաւոր բոլոր գործիքները, որ լուծում գտնուի։
«Լուծումն այն է, որ բոլոր գերիներն ազատուեն ու վերադառնան Հայաստան։ Մենք շարունակելու ենք աշխատել այս ուղղութեամբ, ջանքեր գործադրում ենք, որ ազատուեն բոլոր 23 գերիները»,- նշած է Գրիգորեան՝ միաժամանակ յաւելելով, որ հարցը շատ նուրբ է, ու աշխատանքը, որ կը տարուի այդ ուղղութեամբ, ամէնօրեայ է։
Անդրադառնալով կոչերուն, թէ պէտք է դադրեցնել Ատրպէյճանի հետ բանակցութիւնները, քանի դեռ գերիները չեն վերադարձած՝ Արմէն Գրիգորեան ըսած է՝ գերեվարուած անձերու ազատման գործընթացը պէտք է փորձել տանիլ քիչ մը այլ հունով։