Քսան տարի Հայաստանի նախագահի աթոռին նստած Ռոբերդ Քոչարեան հրաւիրած էր մամլոյ ասուլիս, որուն ընթացքին ան պատասխանեց լրագրողներու բազում հարցումներուն, փորձելով հասարակութեան մօտ իր հանդէպ դրական տրամադրութիւններ ստեղծել: Թէ որքանով ան յաջողեցաւ հասնիլ իր նպատակին, ցոյց կու տայ ժամանակը: Կայ տպաւորութիւն, որ անոր յայտնուիլը կապ ունի 2026-ին նախատեսուած խորհրդարանական ընտրութիւններուն հետ:
Քոչարեանի ելոյթին մէջ յատկանշական էր, երբ ան առաջին անգամ ըլլալով հաստատեց, որ Ատրպէյճանի նախկին նախագահ Հէյտար Ալիեւի հետ քննարկած են տարածքներու փոխանակման հարցը: Այս խոստովանութիւնը կը յաջորդէր վերջերս Միացեալ Նահանգներու Պետական Քարտուղարութեան գաղտնազերծած փաստաթուղթերուն, որոնք կը վկայեն, որ Քոչարեանն ու Ալիեւը 90-ականներու վերջը համաձայնութեան եկած էին լուծելու Ղարաբաղեան խնդիրը տարածքներու փոխանակմամբ` Մեղրին Ղարաբաղի դիմաց սկզբունքով: Այս ծրագիրը թէեւ իրականութիւն չդարձաւ, սակայն շատերու կարծիքով սկիզբ դրաւ Լեռնայինի Ղարաբաղի Ատրպէյճանի պատկանելութեան Հայաստանի կողմէ ճանաչման: Աւելի լայն բանալով փակագիծերը Քոչարեան յայտնեց, որ մինչեւ 1999 թուականը համանախագահողները չէին կրնար դուրս գալ տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքէն: Ինչ առաջարկ որ բերէին, այդ առաջարկը հետեւեալ տրամաբանութեան մէջ էր` «ինքնորոշման իրաւունքը ամուսնացնել տարածքային ամբողջականութեան հետ»:
Քոչարեանի ակնարկած «ամուսնացման փորձը» վերջնականապէս թաղուեցաւ երբ ան Լեռնային Ղարաբաղը դուրս մղեց բանակցային սեղանէն ու ինք մնաց միակ բանակցողը Ատրպէյճանի հետ, այդպիսով հարցը վերածուելով երկու երկիրներուն միջեւ տարածքային պահանջներու շուրջ հակամարտութեան: Քոչարեանի այդ քայլը եղաւ առաջին հարուածը` Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի ձգտումներուն:
Քոչարեան խօսեցաւ նաեւ Արցախահայութեան վերադարձի հարցին, զայն կապելով 44-օրեայ պատերազմին յաջորդած` 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան: «Այսօր ղարաբաղցիներին Ղարաբաղ վերադարձնելու միակ ճանապարհը Նոյեմբերի 9-ի յայտարարութիւնից կառչելն է: Եթէ Ատրպէյճանն ասում է` ճանապարհ, մենք շատ հանգիստ կարող ենք ասել` այդ ճանապարհը ընդամէնը մէկ կէտ է եռակողմ յայտարարութեան մէջ, եթէ դուք պատրաստ էք ամբողջութեամբ այդ յայտարարութեանը վերադառնալ, նստենք, քննարկենք»: Այս միտքը եւս խոցելի է բազմաթիւ առումներով: Ի՞նչպէս կարելի է վերադառնալ եռակողմ յայտարարութեան, երբ անոր բոլոր կէտերը գետնի վրայ խախտուած են Մոսկուայի եւ Պաքուի կողմէ: Այս առաջարկով Քոչարեան կը խօսի մէկ այլ փոխանակման մասին: Այսինքն, Արցախահայութեան վերադարձը փոխանակել «Զանգեզուրի միջանցքին» հետ, զայն դնելով Ռուսական զօրքերու հսկողութեան տակ: Նոյն այդ զօրքերուն, որոնք Լաչինի միջանցքը յանձնեցին Ազերիներուն եւ երաշխիք չկայ, որ նոյնը չկրկնուի «Զանգեզուրի միջանցքին» հետ:
Միւս կողմէ, Հայաստանի իշխանութիւնները յոյս ունին, որ Ատրպէյճանի հետ խաղաղութիւն հաստատելու պարագային կարելիութիւն կրնայ ստեղծուիլ, որպէսզի տեղահան եղած Արցախցիները կարողանան վերադառնալ իրենց տուները:
Քոչարեան նաեւ յայտարարեց, որ ինք այժմ զբաղած է Պաքուի մէջ դատուող Արցախի նախկին ղեկավարներու ազատ արձակման հարցով, սակայն չուշացաւ մեղադրելու Հայաստանի իշխանութիւնները, որոնք չէին ապահոված Անոնց ելքը դէպի Հայաստան: Քոչարեան փոխանակ հիմա զբաղուելու այդ հարցով, կրնար օրին պահանջել Մոսկուայի իր բարեկամներէն, որպէսզի Ռուսական ուղղաթիռներով Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը հասցնէին Երեւան, ինչպէս որ եղաւ վերջին նախագահ Սամուէլ Շահրամանեանի հետ: Այս պարագան մինչեւ օրս կը չարչրկէ Հայ հասարակութեան միտքը, թէ ինչպէս Շահրամանեանը ապահով հասաւ Երեւան, իսկ միւսները յայտնուեցան գերութեան մէջ:
Ասուլիսի ընթացքին Քոչարեան խուսափեցաւ ուղղակի պատասխանել իր ունեցած հարստութեան մասին հարցումին, սակայն խոստովանեցաւ, որ իր կողմնակիցները չեն ընդունիր Սերժ Սարգսեանին, իսկ անոր կողմնակիցները չեն ընդունիր իրեն:
ԳՐԻԳՈՐ ԽՈՏԱՆԵԱՆ
«ՄԱՍԻՍ»