Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքը Օգնութեան Խնդրանքով Դիմած Է Իսրայէլի Վարչապետին

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքը Օգնութեան Խնդրանքով Դիմած Է Իսրայէլի Վարչապետին

by MassisPost

Երուսաղէմի քաղաքապետարանին կողմէ Հայոց պատրիարքությեան գոյքի բռնագրաւման անարդար որոշման եւ Պատրիարքութեան պարտադրուող անտրամաբանական ահռելի պարտքի առնչութեամբ Պատրիարք Նուրհան Մանուկեան նամակ յղած է Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուին, կը հաղորդէ Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց միաբանութիւնը:

Պատրիարքը իր նամակին մէջ մասնաւորապէս կը յորդորէ Իսրայէլի վարչապետին միջամտել հարցին, դադրեցնել Հայոց պատրիարքութեան դէմ Երուսաղէմի քաղաքապետարանին ձեռնարկած գործողութիւնները եւ խնդիրին լուծում տալու նպատակով վերսկսիլ իր կողմէ նշանակուած կառավարական յանձնախումբին հետ հանդիպումները, ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութիւնը կ’ահազանգէ, որ քաղաքապետարանը, որպէս պատճառ նշելով 1994 թուականէն գոյացած հարկային պարտքը, կը պատրաստուի բռնագրաւելու Պատրիարքարանի սեփականութիւններ: Պատրիարքութիւնը բողոք ներկայացուցած է դատարան, որու մերժման պարագային կրնայ զրկուիլ իրեն դարերով պատկանող ունեցուածքէն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment