ՀՀ Ազգային Ժողշովի նախագահի տեղակալ Յակոբ Արշակեան Փետրուար 19-ին ողջոյնի խօսքով հանդէս եկած է Առաջատար արհեստագիտութիւններու ձեռնարկութիւններու միութեան (ԱՏՁՄ) 24-րդ համաժողովին:
Ողջունելով համաժողովի մասնակիցները՝ ԱԺ նախագահի տեղակալը պետութիւն եւ մասնաւոր գործընկերութեան շրջանակին մէջ կարեւորած է ընկերակցութիւններու դերը՝ դրական գնահատելով ԱԱՁՄ զարգացման կշռոյթները:
Միութիւնը կը միաւորէ աւելի քան 200 տեղական եւ միջազգային ընկերութիւններ՝ նպատակ ունենալով Հայաստանը վերածել առաւելագոյն արժէք ստեղծող բարձր արհեստագիտութիւններու կեդրոնի: 2025 թուականին կը լրանայ ԱԱՁՄ-ի գործունէութեան 25 տարին: Հայաստանը բարձր արհեստագիտութիւններու կեդրոնի վերածելու տեսլականով ԱԱՁՄ-ն կը շարունակէ ընդլայնել Հայաստանի արհեստագիտական ոլորտի հնարաւորութիւնները:
«Վերջին հինգ տարիներին բարձր արհեստագիտութիւնների եւ արդիւնաբերութեան ոլորտում համախառն շրջանառութիւնն աճել է աւելի քան 4,5 անգամ, աշխատողների թիւը՝ 2,5 անգամ, իսկ ՀՆԱ-ն 2,6 տոկոսից այժմ արդէն գերազանցել է 7,6 տոկոսը»,- ըսած է Յակոբ Արշակեան՝ ընդգծելով, որ Հայաստանի մէջ ԲԱԱ ոլորտը աստիճանաբար կը դառնայ առաջնորդող: Ան կարեւորած է աշխոյժ ներդրումները կրթական եւ գիտական ոլորտներուն մէջ՝ արձանագրելով, որ վերջին հինգ տարիներուն գիտութեան ուղղուած ֆինանսաւորումը աւելցած է աւելի քան 3,5 անգամ, իսկ ԲԱԱ նախարարութեան համընդհանուր պիւտճէն՝ աւելի քան 5,5 անգամ:
Խօսելով մարտահրաւէրներուն մասին՝ ԱԺ նախագահի տեղակալը ընդգծած է գիտութեան, կրթութեան եւ արդիւնաբերութեան համագործակցութունը խթանելու անհրաժեշտութիւնը՝ այս փուլին կարեւորելով պետական ռազմավարական զարգացման ծրագրերու անհրաժեշտութիւնը: Ան տեղեկացուցած է, որ ՀՀ վարչապետին կից Հայաստանի գիտութեան եւ արհեստագիտութիւններու զարգացման խորհուրդի շրջանակին մէջ առաջնահերթ հինգ՝ արհեստական բանականութեան, միքրօ-ելեկտրոնիք, ռոպոթաշինութիւն եւ օդային-տիեզերական, քուանտային արհեստագիտութիւններ եւ կենսաաարհեստագիտութիւն ուղղութիւններով աշխատանք կը տարուի՝ մշակելու եւ կառավարութեան ներկայացնելու պետական զարգացման ծրագրեր, որոնք հասցէագրուած պիտի ըլլան կրթութեան, գիտութեան եւ արդիւնաբերութեան ուղղութիւններով թռիչքային զարգացման ուղղուած ծրագրերուն:
Յակոբ Արշակեան յաջողութիւն մաղթած է Միութեան՝ պատրաստակամութիւն յայտնելով աջակցելու պետութեան եւ ընկերակցութեան փոխհամագործակցութեան: