Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Առաքելութեան Գործունէութեան Առաջին Օրէն Հայաստան-Ատրպէյճան Սահմանային Միջադէպերը Զգալիօրէն Նուազած Են. Ռիթեր

Առաքելութեան Գործունէութեան Առաջին Օրէն Հայաստան-Ատրպէյճան Սահմանային Միջադէպերը Զգալիօրէն Նուազած Են. Ռիթեր

by MassisPost

Եւրոպական Միութեան Խորհուրդին կողմէ Հայաստանի մէջ ԵՄ դիտորդական առաքելութեան մանտաթի երկարաձգումը ցոյց կու տայ, որ Պրիւքսէլ առաքելութեան աշխատանքը օգտակար գործիք կը համարէ Հարաւային Կովկասի կայունութեան նպաստելու գործին մէջ։

«Արմէնփրես»-ի թղթակիցին տուած հարցազրոյցին այս մասին յայտնած է Հայաստանի մէջ ԵՄ դիտորդական առաքելութեան ղեկավար Մարքուս Ռիթեր՝ խօսելով առաքելութեան մանտաթի երկարաձգման, առաքելութեան հետագայ ընելիքներուն, հայ-ատրպէյճանական սահմանային իրավիճակին, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի կողմէ ԵՄ առաքելութեան հասցէին հնչող մեղադրանքներուն մասին։ ԵՄ դիտորդական առաքելութեան ղեկավարը միաժամանակ նաեւ արձանագրած է, որ սկսեալ 2023 թուականի Փետրուարէն՝ հայ-ատրպէյճանական սահմանին առաքելութեան գործունէութեան առաջին իսկ օրէն, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանային միջադէպերը զգալիօրէն նուազած են։

– Պարոն Ռիթեր, Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութիւնը Հայաստանին մէջ կը գործէ արդէն աւելի քան երկու տարիէ՝ մասնաւորապէս հայ-ատրպէյճանական սահմանին։ Ընդհանուր առմամբ, ինչպէ՞ս կը գնահատէք առաքելութեան գործունէութիւնը եւ անոր կարեւորությունը Հարաւային Կովկասի ու Հայաստանի կայունութեան համար:  

– Ակնյայտ է, որ մեր (խմբ․ Հայաստանի մէջ ԵՄ դիտորդական առաքելութիւն)՝ 2023 թուականի Փետրուար 23-ին Հայաստան ժամանելէ յետոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ սահմանի եւ հսկողութեան գիծի երկայնքով միջադէպերուն թիւը զգալիօրէն նուազած է։ Համոզուած եմ, որ այդ նոյնպէս մեր ազդեցութիւնն է, մեր պարեկութիւնը սահմանին երկայնքով, եւ մեր ներկայութիւնն է, որ կ’օգնէ նուազեցնել միջադէպերը: Ոչ միայն մենք, այլ նաեւ քաղաքական միջավայրը, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ բանակցութիւններն են, որոնք կ’օգնեն միջադէպերու նուազման։ Վստահ եմ, որ մեր ներկայութեամբ մենք կ’աջակցինք այս ընդհանուր գործընթացին:

– 2025 թուականի Յունուարին Եւրոպական Միութեան Խորհուրդը Հայաստանի մէջ ԵՄ առաքելութեան մանտաթը եւս երկու տարիով՝ մինչեւ 2027 թուական երկարաձգելու մասին որոշում կայացուց։ Պարոն Ռիթեր, ինչպէ՞ս կը գնահատէք այս որոշումը եւ որքանո՞վ կարեւոր կը համարէք առաքելութեան մանտաթի երկարաձգումը: 

Որոշումը ինքնին ցոյց կու տայ, որ Եւրոպական Միութիւնը կը դիտարկէ մեզ (խմբ․ նկատի կ’առնուի Հայաստանի մէջ ԵՄ դիտորդական առաքելութիւնը) որպէս օգտակար գործիք՝ Հարաւային Կովկասի կայունութեան նպաստելու համար։ Այդ նաեւ պարզ կը դարձնէ, որ հայկական կողմը կը փափաքի, որ մենք մնանք, քանի որ մենք այստեղ ենք Հայաստանի կառավարութեան հրաւէրով, եւ այս համաձայնագրով կամ Եւրամիութեան եւ Հայաստանի կառավարութեան միջեւ համաձայնութեամբ է, որ մենք պէտք է մնանք եւս երկու տարի, ինչ որ ցոյց կու տայ, որ մենք դրական կը դիտարկուինք:

– Ատրպէյճանը մշտապէս դժգոհութիւններ յայտնած է Հայաստանի մէջ ԵՄ դիտորդական առաքելութեան գործունէութեան վերաբերեալ՝ յայտարարելով, որ առաքելութիւնը չի նպաստեր Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ կարգաւորման գործընթացին եւ մեղադրելով առաքելութիւնը սահմանամերձ տարածքներու մէջ հետախուզական աշխատանքներ իրականացնելու մէջ։ Ինչպէ՞ս կ’արձագանգէք Ատրպէյճանի այս պնդումներուն եւ ըստ Ձեզի ո՞րն է Պաքուի՝ նման յայտարարութիւններուն նպատակը։

– Ինչպէս արդէն ըսի, միջադէպերուն թիւը նուազած է, ժողովուրդն ինքզինք աւելի ապահով ու անվտանգ կը զգայ. այդ փաստ է, եւ սա մեր աշխատանքին մէկ մասն է։ Ինչ կը վերաբերի հետախուզական աշխատանքի մեղադրանքին, ապա ատիկա կայ առաջին օրէն, երբ մենք այստեղ ենք, իսկ մենք ըրած ենք նոյնը, ինչ կ’ընենք հիմա: Մենք երբեք չենք փոխեր սա։ Մենք բացայայտ պարեկութիւն կ’իրականացնենք սահմանի եւ հսկողութեան գիծի երկայնքով։ Երբ մենք կը յայտնուինք սահմանի ինչ-որ տեղ, միշտ կը մնանք այնպիսի դիրքի վրայ, որ երկու կողմերն ալ տեսնեն, որ մենք այնտեղ ենք։ Ամէն ինչ տեսանելի է, թէ ինչ կ’ընենք: Մենք կը հետեւինք, թէ ինչ կը կատարուի սահմանին։ Այդ կը նշանակէ, որ մենք ոչ միայն կը նայինք, թէ ինչ կ’ընէ ատրպէյճանական կողմը, մենք նաեւ կը հետեւինք, թէ ինչ կ’ընէ հայկական կողմը, քանի որ Պրիւքսէլը կ’ուզէ իմանալ մեզնմէ՝ ինչպէս է իրավիճակը սահմանին: Անոնք չեն ուզեր, որ մենք իմանանք, թէ ինչ կ’ընէ Ատրպէյճանը. այսպիսով, մենք կը դիտարկենք երկու կողմերն ալ, քանի որ կ’ուզենք իրավիճակին մասին հաշուետուութիւն տալ Պրիւքսէլին, թէ ինչ կը կատարուի: Այսպիսով, մենք միշտ բացայայտ պարեկութիւն կ’ընենք։ Մենք երբեք չենք թաքնուի ինչ-որ տեղ կամ ծածուկ չենք մնար։ Այդ այն է, ինչ մենք կ’ընենք սկիզբէն, եւ այդ այն է, ինչ կ’ընենք նաեւ հիմա: Այդ կը նշանակէ, որ ատրպէյճանական կողմին համար շատ հեշտ է մեզ նկատել, տեսնել, թէ ուր ենք մենք, որովհետեւ մենք չենք ուզեր թաքնուիլ: Լաւ է, եթէ անոնք տեսնեն, որ մենք այնտեղ ենք: Նոյնիսկ այն պարեկութիւններուն, որոնց մենք կ’երթանք ուղեկցորդներով, մէկ շաբաթ առաջ յատուկ ներկայացուցիչի գրասենեակին միջոցով կը ծանուցենք Պաքուին։ Այդ կը նշանակէ, որ անոնք նոյնիսկ նախապէս գիտեն, թէ մենք ուր կ’երթանք եւ ուր կը յայտնուինք: Այդ շատ, շատ բաց եւ թափանցիկ է, եւ մենք որեւէ հետախուզական աշխատանք չենք կատարեր: Մտադրութիւնները, թէ ինչո՞ւ Պաքուն այդպէս կ’ընէ, պէտք է հարցնել Պաքուին։ Յամենայն դէպս, մենք երկու կողմերուն համար ալ յարմար չենք, քանի որ այս հակամարտութեան գօտի կը բերենք միջազգային ինչ-որ տեսակէտ: Ատիկա հայկական եւ ատրպէյճանական կողմերուն համար կը նշանակէ, որ անոնք պարզապէս չեն կրնար ինչ-որ բան սկսիլ՝ առանց կատարուողի մասին մեր՝ միջազգային հանրութեան եւ յատկապէս Պրիւքսէլի իմացութեան:

– Պարոն Ռիթեր, ի պատասխան Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի՝ ԵՄ դիտորդական առաքելութիւնը հայ-ատրպէյճանական սահմաններէն հեռացնելու պահանջին Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտնած է, որ Երեւանը Պաքուին առաջարկած է ԵՄ դիտորդները հեռացնել սահմանի արդէն իսկ սահմանազատուած հատուածներէն։ Որ՞ն է առաքելութեան դիրքորոշումը այս հարցով։ 

Անցած տարեվերջին ես հանդիպում ունեցայ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ, եւ մենք քննարկեցինք ատիկա։ Այդ մեզ սահմանէն հեռացնելու մասին չէ, այլ այն մասին է, որ սահմանամերձ տարածքներուն մէջ, որոնք համաձայնեցուած, սահմանազատուած եւ յստակ նշուած են, այլեւս կարիք չկայ, որ մենք ուղղակիօրէն երթանք սահման: Մեզի համար լաւ է այլեւս չներկայանալ սահմանամերձ գօտիին մէջ, բայց այդ չի նշանակեր, որ մենք պիտի չշարունակենք այցելել գիւղեր, հողատարածքներ՝ սահմաններէն ներս տեղակայուած մարդոց հետ զրուցելու համար: Եթէ Հայաստանի կառավարութիւնը եւ ատրպէյճանական կողմը համաձայնին, որ մենք պէտք չէ պարեկութիւն կատարենք ուղղակիօրէն արդէն յստակ սահմանազատուած սահմանային շրջաններուն մէջ, մենք անոր մէջ խնդիր չենք տեսներ:

– Պարոն Ռիթեր, հիմնուելով առաքելութեան պարեկութիւններու գործնական տեղեկատուութեան եւ սահմանամերձ շրջաններուն մէջ կատարուող աշխատանքներուն վրայ՝ ինչպէ՞ս կը գնահատէք հայ-ատրպէյճանական սահմանին տիրող ներկայ իրավիճակը: Կա՞ն անվտանգութեան առումով անհանգստանալու պատճառներ: 

– Այն, ինչ կը տեսնեն եւ կը յայտնեն պարեկները, այն է, որ իրավիճակը սահմանին բաւականին հանգիստ է։ Այս պահուն միջադէպեր չկան: Բայց այն, ինչ մենք նաեւ կը տեսնենք եւ կը յայտնենք, այն է, որ երկու կողմերն ալ կ’ամրապնդեն իրենց դիրքերը: Այսպիսով, երկու կողմերն ալ կը շարունակեն պատրաստուիլ աւելի վատ զարգացման, այդ ակնյայտ է: Բայց մենք այս պահուն լարուածութիւն չենք տեսներ, եւ սա ամիսէ ի վեր է, ուստի մենք բաւականին վստահ ենք, որ տարածաշրջանը լաւ ուղիի վրայ է: Եւ մենք միշտ կ’ըսենք՝ նախապատրաստուած եղիր վատագոյնին, բայց պատրաստ եղիր լաւագոյնին: Այսպիսով, մեզի կը թուի, որ երկու կողմերն ալ կը հետեւին այս խորհուրդին:

– Յառաջիկային կա՞ն առաքելութեան չափերու եւ կառուցուածքային փոփոխութիւններ կատարելու ծրագրեր: 

– Ոչ, երկրորդ մանտաթը եւս պիտի ունենայ նոյն խնդիրն ու առաջադրանքը, ինչ ունէինք առաջին մանտաթի ընթացքին։ Այդ կը նշանակէ նախ պարեկութիւն եւ հաշուետուութիւն ներկայացնել սահմանի եւ առճակատման գիծի երկայնքով: Երկրորդը մեր, այսպէս կոչուած, մարդկային անվտանգութեան պարեկութիւնն է, որպէսզի հակամարտութենէն տուժած տարածքներուն մէջ տեղի բնակչութեան անվտանգութեան եւ ապահովութեան զգացումը բարձրացուի: Եւ երրորդը այն քայլերն են, որոնք կը նպաստեն վստահութեան ամրապնդման:

Անցեալ Դեկտեմբերէն մենք կ’այցելենք սահմանամերձ գիւղերու դպրոցներ՝ զրուցելու այնտեղի երեխաներուն հետ, աշակերտներուն հետ, բացատրելու անոնց, թէ ով ենք մենք, ինչ կ’ընենք, ինչ է Եւրոմիութիւնը, ինչ կը ներկայացնէ Եւրոմիութիւնը: Եւ այս գործունէութիւնը մենք կը փափաքինք աւելցնել: Մենք ոչ միայն կը փափաքինք ապագայինք դպրոցներ այցելել, այլ կը փափաքինք խթանել մեր աշխատանքը, եւրոպական գաղափարը ու նաեւ բոլորը տեղեակ պահել, որ մենք լրտեսութիւն, հետախուզական ծառայութիւն կամ այլ բան չենք ըներ: Մենք քաղաքացիական անզէն առաքելութիւն ենք, որ կը փափաքի օգնել այս տարածաշրջանի կայունացման:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment