Պարգը «Եւրոտեսիլ 2025» երգի հեղինակաւոր մրցոյթին Հայաստանը պիտի ներկայացնի «Survivor» երգով:
Այս մասին յայտնի դարձաւ «Դէպի Եւրոտեսիլ» նախագիծի շրջանակին մէջ կազմակերպուած համերգային ծրագրէն յետոյ, որ տեղի ունեցաւ Փետրուար 16-ին Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ: Համերգը ուղիղ հեռարձակեց Հանրային հեռուստաընկերութիւնը:
Յաղթողը ընտրուեցաւ Հանրային հեռուստաընկերութեան, միջազգային դատական կազմի եւ հեռուստադիտողներու քուէարկութեան արդիւնքով: Ան վաստակեց 214 միաւոր:
Բացի Պարգէն նախագիծին կը մասնակցէին Աթենա Մանուկեանը, Անահիտ Ադամեանը, Անահիտը եւ Գասոյեան, Արսէն Գրիգորեան եւ Կամիլ նախագիծը, Գէորգ Յարութիւնեանը, Մելս Դանիէլեանը, Միլենա Միրիջանեանը, Սիմոնը, Սեւագիրը, Ֆլորա Բիչախչեանը, ALTSIGHT-ը:
«Եւրոտեսիլ 2025» երաժշտական մրցոյթը տեղի պիտի ունենայ Մայիսին, Զուիցերիոյ Պազել քաղաքին մէջ։ Զուիցերիան «Եւրըտեսիլ»-ը հիւրընկակելու իրաւունքը ստացած է 2024 թուականի մրցոյթին զուիցերիացի Նեմոյի յաղթանակէն յետոյ։
«Եւրոտեսիլ»-ի կիսաւարտականն ու աւարտականը պիտի կայանան Մայիս 13-ին, 15-ին եւ 17-ին, St. Jacobshalle-ի արենային մէջ:
«Եւրոտեսիլ»-ը քանի մը անգամ տեղի ունեցած է Զուիցերիոյ մէջ։ Առաջին անգամ Զուիցերիան մրցոյթը հիւրընկալած է 1956-ին: Այն կազմակերպուած է երկրի իտալախօս Լուկանօ քաղաքին մէջ, 1989 թուականին «Եւրըտեսիլ»-ը կայացած է ֆրանսախօս Լոզանի մէջ, իսկ այժմ երաժշտական մրցույթը առաջին անգամ տեղի պիտի ունենայ երկրի գերմանախօս մասին մէջ։