Միւնիխիի Անվտանգութեան համաժողովի միջոցառումներու շրջանակին մէջ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ, Զինուած Ուժերու ԳՇ պետ, զօրավար-լեյթենանթ Էտուարտ Ասրեան Փետրուար 15-ին մասնակցած է «Ընդհանուր պաշտպանութեան հարցով զինուորականներու հայեացքները» խորագրով պաշտպանութեան շտաբներու պետերու ձեւաչափով քննարկման եւ Գերմանիոյ Զինուած Ուժերու պաշտպանութեան շտաբի պետին հրաւէրով կազմակերպուած ու համաժողովին բարձրաստիճան զինուորականներու մասնակցութեան արդիւնքները ամփոփող երեկոյթին։