Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Հարաւային Կովկասի Մէջ Հաղորդակցութիւններու Ապաշրջափակման Աշխատանքները Սառեցուած Են Հայաստանի Պատճառով». Զախարովա

«Հարաւային Կովկասի Մէջ Հաղորդակցութիւններու Ապաշրջափակման Աշխատանքները Սառեցուած Են Հայաստանի Պատճառով». Զախարովա

by MassisPost

«Հարաւային Կովկասի մէջ հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման եռակողմ աշխատանքային խումբին մէջ աշխատանքները սառեցուած են Հայաստանի պատճառով»,- ըսած է Ռուսաստանի Արտաքին գործերու նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա։

ՌԴ ԱԳՆ ներկայացուցիչը յաւելած է, որ  խումբը  «հսկայական  աշխատանք  կատարած է  Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ փոխադրութեան երթուղիներու վերականգնման ինչպէս  իրաւական հիմքերը, այնպէս ալ տեխնիկական յարաչափերը համաձայնեցնելու ուղղութեամբ»։

«Եռակողմ աշխատանքային խումբին մէջ ձեռք բերուած են պայմանաւորուածութիւններ հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման հիմնական սկզբունքին շուրջ։ Այն կը ներառէ ինքնիշխանութեան, եւս մէկ անգամ կը կրկնեմ, եւ պետութիւններու իրաւասութեան պահպանում այս տարածքով անցնող երթուղիներու նկատմամբ։ Եւ այս պայմանը հաւանութեան արժանացած էր ե՛ւ Պաքուի, ե՛ւ Երեւանի կողմէ»,- ըսած է ան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment