Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահն Ու Վարչապետը Հայ-Ատրպէյճանական Խաղաղութեան Գործընթացին Վերաբերող Հարցեր Քննարկած Են

Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահն Ու Վարչապետը Հայ-Ատրպէյճանական Խաղաղութեան Գործընթացին Վերաբերող Հարցեր Քննարկած Են

by MassisPost

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Միւնիխի Անվտանգութեան համաժողովի շրջանակին մէջ հանդիպում ունեցած է Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Անթոնիօ Քոշթայի հետ:

Զրուցակիցները քննարկած են Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան օրակարգին վերաբերող շարք մը հարցեր:

Վարչապետը կարեւորած է ԵՄ շարունակական աջակցութիւնը Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական բարեփոխումներու հետեւողական յառաջմղման ուղղութեամբ: Նիկոլ Փաշինեան ընդգծած է, որ բարեփոխումներու օրակարգի լիարժէք իրականացումը ՀՀ կառավարութեան առաջնահերթութիւններէն մէկն է:

Միաժամանակ, երկրին ղեկավարը շեշտած է, որ Հայաստան կը կարեւորէ ԵՄ-ի հետ բազմակողմ կապերու ընդլայնումն ու զարգացումը` տարբեր ոլորտներու մէջ կարողութիւնները զարգացնելու նպատակով:

Անթոնիօ Քոշթա ողջունած ՀՀ կառավարութեան քայլերը՝ միտուած ժողովրդավարութեան ամրապնդման եւ հաստատութենական բարեփոխումներու կեանքի կոչման ուղղութեամբ: Միաժամանակ, Եւրոպական Խորհուրդի նախագահը յայտնած է ԵՄ յանձնառութիւնը՝ ամրապնդելու ընդհանուր արժէքներու վրայ հիմնուած գործընկերութիւնը եւ խորացնելու համագործակցութիւնը բոլոր ոլորտներուն մէջ:

Զրուցակիցները քննարկած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան գործընթացին, տարածաշրջանային հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակման հնարաւորութիւններուն, ՀՀ կառավարութեան «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» նախագիծին վերաբերող հարցեր:

Միաժամանակ, Անթոնիօ Քոշթա կարեւորած եւ ողջունած է ՀՀ կառավարութեան՝ խաղաղութեան միտուած քայլերն ու նախաձեռնութիւնները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment