Քաղաքական մակարդակի վրայ Հայաստան-ԵՄ երկխօսութիւնը շատ աւելի յառաջ գացած է, քան մեր տնտեսական յարաբերութիւններն են: Որոշակի ճեղքուածք յառաջացած է այս երկուսքին միջեւ:
Հանրային հեռուստաընկերութեան եթերով այս մասին ըսաւ ՀՀ Ազգային Ժողովի Եւրոհամարկման հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Արման Եղոյեան՝ անդրադառնալով ԵՄ-ին ՀՀ-ի անդամակցման գործընթացի մեկնարկին:
«Անհրաժեշտութիւն կայ մեր տնտեսական յարաբերութիւնները բերել, հասցնել, մօտեցնել առնուազն այս քաղաքական երկխօսութեան մակարդակին»,- ըսաւ Արման Եղոյեան:
Ինչ պիտի փոխուի հիմա մեր կեանքին մէջ՝ հարցումին ի պատասխան, Եղոյեան ըսաւ՝ կարճ վայրկեաններու ընթացքին թուարկել չի կրնար, սակայն կը նշէ գլխաւորը:
«Կը փոխուի մեր տնտեսութեան կառուցուածքը, մեր արտադրանքի որակը, արտադրողականութեան ծաւալները: Սրանք այն ոլորտներն են, որոնք ընդգրկուած են ազատ առեւտրի համաձայնագրում եւ որոնց միջոցով ԵՄ-ն պետութիւններին պատրաստում է անդամութեան»,- ըսաւ Արման Եղոյեան:
Ըստ ԱԺ Եւրոհամարկման հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահի, մէկ պետութիւնը չի կրնար ըլլալ երկու մաքսային միութեան անդամ: Անդրադառնալով այս մասով Ռուսաստանի փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուքի յայտարարութիւններուն, Եղոյեան նկատեց.
«Դա Օվերչուքը չի ասում, դա տրամաբանութիւնն է ասում: Եկէք Ռուսաստան եւ ԵԱՏՄ բառերը չօգտագործենք որպէս հոմանիշներ, ինչպէս որ չենք կարող օգտագործել Ֆրանսայ եւ ԵՄ, Գերմանայ եւ ԵՄ բառերը որպէս հոմանիշներ»,- ըսաւ Եղոյեան:
Յիշեցնենք՝ Փետրուար 12-ին Ազգային Ժողովը առաջին ընթերցմամբ ընդունած է ԵՄ-ին ՀՀ-ի անդամակցելու գործընթաց մեկնարկելու նախագիծը:
Աւելի վաղ, Ռուսաստանի փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք յայտնած էր, որ Հայաստանի անդամակցութիւնը Եւրոմիութեան պիտի յանգեցնէ Երեւանի՝ Եւրասիական