Եթէ ատրպէյճանական բեռները մուտք գործեն ՀՀ, Հայաստանի համար սկզբունքային պիտի ըլլա՞յ, որ բեռները ստուգեն ՀՀ մաքսային ծառայողները:
Ազգային Ժողովին մէջ խորհրդարանական ճեպազրոյցներու ժամանակ հարցին անդրադարձան «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան քարտուղար Արթուր Յովհաննիսեան եւ պատգամաւոր Արման Եղոյեան։
Յովհաննիսեան նշեց, որ նման թեմաներու չի պատասխաներ, քանի որ բանակցութիւններ կ’ընթանան, պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերուելու պարագային այդ մասին հանրութիւնը պիտի տեղեկանայ: Այնուհետեւ ան յաւելեց, որ չի կրնար ՀՀ տարածքով անցնիլ բեռ, որուն պարունակութեան, բովանդակութեան մասին ՀՀ իրաւասու մարմինները չիմանան:
«Թէ ինչ տեխնիկական միջոցներով կը կատարուի, ՀՀ իրաւասու մարմինն է իրականացնելու, թէ որ մարմինն է իրականացնելու, այս պահին քննարկւում է։ Այդ տեխնիկական հարցերը քննարկման սեղանին են»,- ըսաւ պատգամաւորը։
Իսկ Եղոյեան նշեց. «ՀՀ տարածքով անցնող ցանկացած բեռ պէտք է մի որոշակի, եթէ չասենք՝ ստուգում, բայց վերահսկողութեան ենթարկուի: ՀՀ-ն պէտք է իմանայ, թէ ինչ է իր տարածքով անցնում»: