Եւրոմիութեան (ԵՄ) հետ մերձեցման գործընթացը թափ կը հաւաքէ, սակայն Հայաստանը անդամակցութեան պաշտօնական յայտ դեռ չէ ներկայացուցած, «Իզվեսթիային» յայտնած են Եւրըյանձնաժողովէն։
«Հայաստանի մէջ ընթացող քննարկումները ցոյց կու տան Եւրոմիութեան գրաւչութիւնն ու անոր արժէքները։ ԵՄ-Հայաստան յարաբերութիւնները երբեք այնքան սերտ չեն եղած, որքան հիմա: Վիզայի ազատականացման երկխօսութեան մեկնարկը եւ 10 միլիոն եւրոյի աջակցութիւնը Եւրոպական խաղաղութեան հիմնադրամի շրջանակներուն մէջ այդ ցոյց տուած են»,- կ’ըսուի յայտարարութեան մէջ:
Պրիւքսէլ խոստացած է նաեւ հայ գործընկերներու հետ քննարկել եւրոհամարկման մասին օրէնքի նախագիծը։ Թէեւ ԵՄ-ին անդամակցութեան հարցը դեռ իրաւական օրակարգին վրայ չէ, Հայաստան արդէն կ’երթայ դէպի Միութեան հետ աւելի խոր գործընկերութիւն։