Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի այցը Ուաշինկթըն պէտք է հասկնանք, որ հիմնուած է աւելի լայն ռազմավարութեան վրայ, որ վարչապետի խումբը մշակած էր, «Ազատութեան» հետ զրոյցին յայտնեց Նեւատայի համալսարանի փրոֆեսոր Ներսէս Կոպալեան:
Հատուած մը հարցազրոյցէն.
«Ազատութիւն». – Վարչապետ Փաշինեանի Ուաշինկթըն այցը կրնա՞ր կարեւոր առիթ դառնալ ԱՄՆ նոր վարչակազմի հետ յարաբերութիւն հաստատելու համար: Այցի ընթացքին ան հանդիպեցաւ ԱՄՆ-ի փոխնախագահին հետ: Որքա՞ն կարեւոր է այս հանդիպումը, ինչպիսի՞ քաղաքական նշանակութիւն եւ կարեւորություն ունէր Փաշինեանի այցը:
Կոպալեան. – Այցը պէտք է հասկնանք, որ հիմնուած է աւելի լայն ռազմավարութեան վրայ, որ վարչապետի խումբը մշակած էր: Այսինքն, այստեղ կայ ռազմավարական հանգամանք: Եւ երբ ես այնտեղ էի, իմ հանդիպումներուն ակնյայտ եղաւ, որ 4 մաս ունի այս ռազմավարութիւնը, որ վարչապետը մշակած է եւ իր այցը հիմնուած է այդ հանգամանքներուն վրայ: Առաջինը տեսանք, որ ինք հանդիպեցաւ Ամերիկայի հայ համայնքին հետ, կարեւոր կազմակերպութիւններու հետ եւ քննարկեցին երկրի անվտանգութեան խնդիրները, դիւանագիտական խնդիրները, տնտեսական խնդիրները եւ այլն: Երկրորդը՝ տեսանք, որ վարչապետը այցեր կազմակերպած էր Ուաշինկթընի ուղեղային կեդրոններուն հետ եւ տարբեր կազմակերպիչներու հետ: Սա կարեւոր է, որովհետեւ այնտեղ կան բազմաթիւ դաշինքներ ու համախմբումներ, որ կարեւոր դեր կը տանին իւրաքանչիւր վարչակազմի վրայ, եւ Հայաստանը անցեալին չէ ունեցած այս կապերը, այդ ազդեցութիւնը եւ չէ կառուցած այդ նախատիպը այդ տեսակի կազմակերպութեան հետ, ովքեր ահագին ազդեցութիւն ունին Washington, D.C.-ի մէջ: Երրորդը, տեսանք, որ հրաւէրքը, որ ինք ստացած էր եւ եկաւ, հիմնուած էր այս Կրօնի ազատութեան գագաթաժողովին հետ, եւ միեւնոյն ժամանակ վարչապետը հրաւիրուած էր Ազգային աղօթքի նախաճաշին, ուր կը գտնուէին բոլոր կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ: Այնտեղ տեսանք, որ պաշտօնական եւ ոչ-պաշտօնական յարաբերութիւններ կ’ամրացնէին Հայաստանն ու Միացեալ Նահանգները ու տարբեր ներկայացուցիչներ՝ տարբեր ոլորտներէ, ըլլայ քաղաքական դաշտին եւ ոչ-քաղաքական դաշտին մէջ: Եւ չորրորդը՝ վարչապետը հանդիպումներ ունեցաւ Ծերակոյտի անդամներու հետ, Գոնկրէսի անդամներու հետ եւ Սպիտակ տան մէջ հանդիպում ունեցաւ Ճէյմզ Տէյվիտ Վենսի հետ: Անոր հետ հանդիպումը կարեւոր է, ինչ առումով, որովհետեւ Վենս ահագին ազդեցութիւն ունի Թրամփի վարչակազմի որոշում կայացնելու գործընթացին վրայ: Եւ կը հասկնանք, որ Վենսի հետ յարաբերութիւն ստեղծելը թոյլ կու տայ, որ հեռանկար կառուցենք, որովհետեւ այս յարաբերութիւնը պէտք է տեւական ըլլայ:
Փետրուար 3-ին Փաշինեան Ուաշինկթընի մէջ հանդիպում ունեցած է ԱՄՆ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ, պատասխանած՝ ներկաները հետաքրքրող շարք մը հարցերու։
Վարչապետը անդրադարձած է Հայաստանի մէջ եւ Հայաստանի շուրջ տեղի ունեցող գործընթացներուն, Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող գաղափարախօսական փոփոխութեան՝ ընդգծելով՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ինքն է բարձրագոյն նպատակը եւ Հայաստանի Հանրապետութենէն աւելի բարձր ազգային նպատակ չի կրնար ըլլալ: Հայաստանի Հանրապետութիւնը ոչ թէ միջոց է՝ այլ նպատակներու հասնելու համար, այլ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ինք նպատակն է, ամենաբարձր նպատակն է:
Փետրուար 4-ին ԱՄՆ-ի մէջ Հայաստանի դեսպանատան մէջ Փաշինեան հանդիպում ունեցած է Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի եւ Վատիկանի միջեւ յանձնախումբի ատենապետ Տ. Վիգէն արքեպիսկոպոս Այքազեանի եւ Ուաշիկթընի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Յովսէփ քահանայ Կարապետեանի հետ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Սփիւռքի մէջ հայապահպանութեան եւ առկայ հիմնախնդիրներուն առնչուող հարցեր։ Վարչապետը կարեւորած է լեզուի եւ մշակոյթի պահպանման ուղղութեամբ հետեւողական քայլերու իրականացումը՝ ընդգծելով այս հարցերուն մէջ պետական օժանդակութեան նշանակութիւնը։
Նոյն օրը Փաշինեան Ուաշինկթընի մէջ ներկայ գտնուած է «Save Armenia»-ի կողմէ կազմակերպուած ընդունելութեան՝ ի պատիւ վարչապետի այցին: Կրօնական ազատութիւններու միջազգային գագաթաժողովի համանախագահ, «Save Armenia»-ի խորհուրդի անդամ Սեմ Պրաունպեք ողջունած է ՀՀ վարչապետին այցը եւ ընդգծած կազմակերպութեան յանձնառութիւնը՝ աջակցելու Հայաստանին իր օրակարգերը յառաջ մղելու գործին մէջ:
Նոյն օրը վարչապետին ունեցած մէկ այլ՝ ԱՄՆ Ծերակոյտի եւ Գոնկրէսի ներկայացուցիչներ ծերակուտական Ռոճըր Ուիքըրի (Հանրապետական կուսակցութիւն), գոնկրէսականներ Էնտի Հարրիսի (Հանրապետական կուսակցութիւն), Ֆրենք Փալոնի (Դեմոկրատական կուսակցութիւն) եւ Ռիչըրտ Հատսընի (Հանրապետական կուսակցութիւն) հետ հանդիպման ժամանակ ալ քննարկուած են Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ ռազմավարական գործընկերութեան զարգացման հեռանկարները։
Փետրուար 5-ին Նիկոլ Փաշինեան Ուաշինկթընի մէջ այցելած է Ատլանտեան Խորհուրդ, ուր հանդէս եկած է ելոյթով, պատասխանած է Ատլանտեան Խորհուրդի Եւրասիոյ կեդրոնի աւագ տնօրէն, Ուզպեքիստանի եւ Ուքրանիոյ մէջ ԱՄՆ նախկին դեսպան Ճոն Հերպսթի հարցումներուն: Այնուհետեւ հանդիպումը կատարուած է փակ ձեւաչափով, որու ծիրին մէջ Նիկոլ Փաշինեան պատասխանած է փորձագէտներու շարք մը հարցերու:
Փետրուար 6-ին Փաշինեան Ուաշինկթընի մէջ այցելած է Ճորճթաունի համալսարան, հանդէս եկած է դասախօսությամբ, որուն ներկայ եղած է քաղաքագիտութիւն, միջազգային յարաբերութիւններ եւ անվտանգութիւն ուսումնասիրող ուսանողներ եւ դասախօսներ:
Նոյն օրը Ուաշինկթընի մէջ վարչապետը հանդիպում ունեցած է Միջազգային Հանրապետական Հիմնարկի (IRI) նախագահ Տանիէլ Թուինինկի հետ, քննարկած է ՀՀ կառավարութեան եւ Հիմնարկին միջեւ համագործակցութեան ընթացքը, Հայաստանի մէջ իրականացուող ծրագրերը, ինչպէս նաեւ հետագայ համատեղ քայլերը՝ ուղղուած ժողովրդավարական բարեփոխումներու խորացման:
Փետրուար 6-ին կայացած միւս հանդիպումը ամերիկեան ռազմավարական հետազօտութիւններու Heritage հիմնադրամի ներկայացուցիչներու հետ էր։ Հայաստանի եւ ԱՄՆ-ի միջեւ ռազմավարական գործընկերութեան փաստաթուղթի ստորագրման ծիրին մէջ կարեւորուած է երկկողմ փոխգործակցութեան զարգացումը տնտեսութեան, ուժանիւթի, ներդրումներու, կրթութեան, առողջապահութեան եւ այլ ոլորտներու մէջ:
Փետրուար 7-ին, ինչպէս արդէն ըսինք, Սպիտակ տան մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումը Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյմզս Տէյվիտ Վենսի հետ։ Հանդիպման ընթացքին, ինչպէս տեղեկացուցած է վարչապետի մամլոյ ծառայութիւնը, քննարկուած են Հայաստան-ԱՄՆ երկկողմ յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային օրակարգին վերաբերող հարցեր։