Հնդկաստան կատարած աշխատանքային այցի շրջանակին մէջ, Փետրուար 10-ին, ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան Հնդկաստանի օդուժի «Ելահանքա» զօրակայանին մէջ մասնակցած է «Aero India» ցուցահանդէսի բացման հանդիսաւոր արարողութեան։
Պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան շրջած է ցուցահանդէսի տաղաւարներուն մէջ, ծանօթացած է ներկայացուած ցուցանմուշներուն։