Գոնկրէսի հայկական հարցերով յանձնախումբի համանախագահներ Ֆրենք Փալոն, Կաս Պիլիրաքիս, Պրետ Շերման եւ Տէյվիտ Վալատաօ նամակ յղած են ԱՄՆ պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիոյին, Ուաշինկթընին յորդորել շարունակել զարգացնել Հայաստանի հետ ռազմավարական գործընկերութիւնը:
«Այդ դուռ կը բանայ երկկողմ աւելի սերտ կապերու, տնտեսական ներդրումներու, ժողովուրդներու միջեւ կապերու խորացման համար»,- ըսուած է նամակին մէջ։
Ամերիկացի պաշտօնեաները մտահոգութիւն յայտնած են, որ Հայաստան կը բախի աշխարհագրական եւ քաղաքական բազմաթիւ խնդիրներու, քանի որ չունի ելք դէպի ծով, շրջափակուած է Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէ, ինչը կը զսպէ Հայաստանի տնտեսական ներուժը:
«Միացեալ Նահանգները բացառիկ հնարաւորութիւն ունի ազդելու տարածաշրջանի ապագային վրայ՝ ամրապնդելով Հայաստանի ուժանիւթային անվտանգութիւնը եւ տնտեսական ճկունութիւնը՝ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» նախագիծին համահունչ: Ներդրումները հնարաւորութիւն պիտի տան Հայաստանին բազմազանեցնել ուժանիւթի արտադրութիւնը, նուազեցնել Ռուսաստանէն ուժանիւթային եւ առեւտրային կախուածութիւնը»,- նշուած է փաստաթուղթին մէջ:
Գոնկրէսականները Պետական Քարտուղարութեան յորդորած են արագացնել բանակցութիւնները խաղաղ ատոմի ոլորտին մէջ գործակցութեան շուրջ, զարգացնել պաշտպանական, արտահանման վերահսկման եւ սահմանային անվտանգութեան ոլորտներուն մէջ յարաբերութիւնները:
«Կոչ կ’ընենք Պետական Քարտուղարութեան՝ դիտարկել Հայաստանի կառավարութեան խնդրանքը՝ պաշտպանական ռազմասարքեր տրամադրել, անձնակազմի վերապատրաստումներ իրականացնել՝ երկրի տարածքային ամբողջականութիւնը պաշտպանելու համար: Այդ կարեւոր է՝ հաշուի առնելով Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին գտնուող ատրպէյճանական զօրքերէն բխող մշտական սպառնալիքները եւ Իլհամ Ալիեւի նախայարձակ հռետորաբանութիւնը»,- ըսուած է նամակին մէջ:
Ամերիկացի պաշտօնեաները կոչ ըրած են Ուաշինկթընին՝ պատասխանատուութեան ենթարկել Ատրպէյճանը՝ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կատարած ռազմական յանցագործութիւններուն եւ ցեղային զտման համար:
«Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ տեւական եւ արդար խաղաղութիւնը կը պահանջէ խիստ հաշուետուողականութիւն եւ պէտք է ներառէ հայերու անվտանգ ու ապահով վերադարձի երաշխիքներ իրենց նախնիներու հայրենիք՝ Լեռնային Ղարաբաղ: Ուստի կոչ կ’ընենք Պետական Քարտուղարութեան աշխուժօրէն ներգրաւուած մնալու խաղաղութեան գործընթացին»,- նշած են գոնկրէսականները:
Նամակին մէջ կը նշուի, որ վերջնական համաձայնագիրը պէտք է նախատեսէ նաեւ Ատրպէյճանի մէջ անարդարացիօրէն պահուող բոլոր գերիներու եւ պատանդներու, այդ շարքին՝ Լեռնային Ղարաբաղի նախկին ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան ներկայացուցիչներու ազատ արձակումը: