ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին պաշտօնական հրաւէր փոխանցուած է մասնակցելու Մոսկուայի մէջ Յաղթանակի օրուայ միջոցառումներուն, «Ռիա Նովոսթի»-ին տուած հարցազրոյցին յայտնած է Երեւանի մէջ Ռուսաստանի դեսպան Սերկէյ Քոփիրքին։
«Կ’ուզեմ նշել, որ քանի մը ամիսէն բոլոր ռուսերը նախկին Խորհրդային Միութեան ժողովուրդներու հետ միասին պիտի նշեն Հայրենական մեծ պատերազմին յաղթանակի 80-ամեակը։ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին պաշտօնական հրաւէր փոխանցուած է՝ մասնակցելու Մոսկուայի մէջ կայանալիք տօնական միջոցառումներուն»,- յայտնած է ՀՀ-ի մէջ ՌԴ դեսպանը։
Ան արժէքաւոր կը համարէ այն, որ Ռուսաստանին ու Հայաստանին, ինչպէս նախապէս, կը միաւորէ յարգանքը Խորհրդային Միութեան ժողովուրդներու սխրանքի յիշատակին հանդէպ։
Մեր ընդհանուր յաղթանակին վրայ աճող յարձակումներու պայմաններուն մէջ ատիկա յատկապէս կարեւոր է, նշած է Քոփիրքին։