Home Uncategorized 2025-ի Յունուար 1-ի Դրութեամբ Հայաստանի Մշտական Բնակչութիւնը Կազմած է՝ 3.075.800 Մարդ

2025-ի Յունուար 1-ի Դրութեամբ Հայաստանի Մշտական Բնակչութիւնը Կազմած է՝ 3.075.800 Մարդ

by MassisPost

Սկսած 2023-էն բնակչութեան թուաքանակի ընթացիկ հաշուառումը կ’իրականացուի ՀՀ 2022թ. մարդահամարի արդիւնքներու հիման վրայ, ըստ որուն՝ 2025թ. Յունուար 1-ի դրութեամբ ՀՀ մշտական բնակչութեան թուաքանակը կազմած է՝ 3.075.800 մարդ 2024 թուականի 2.991.200-ի համեմատ: Այս մասին civic.am-ը տեղեկացաւ Վիճակագրական Կոմիտէի հրապարակած տեղեկանքէն։ Մասնաւորապէս Երեւանի մէջ բնակչութեան թուաքանակը աճած է՝ 2025թ. Յունուար 1-ի դրութեամբ  մայրաքաղաքին մէջ կը բնակի  1.141.300 մարդ՝ նախորդ տարուայ 1.106.300-ի դիմաց։

2024թ.-ին բնակչութեան կենսունակութեան գործակիցը` ծնածներու եւ մահացածներու յարաբերակցութիւնը, կազմած է 131.6%՝ 2023թ.-ի նոյն ժամանակաշրջանի 150.5%-ի համեմատ: Սեռերու յարաբերակցութեան գործակիցն ալ կենդանի ծնած նորածիններու շրջանակին մէջ կազմած է 109.9 տղայ՝ 100 աղջկայ հաշուով, 2023թ.-ի 110.7-ի համեմատ:

Վիճակագրական Կոմիտէի տուեալներէն դատելով՝ հաշուետու ժամանակաշրջանին մէջ աճած է ամուսնալուծութիւններու թիւը՝ 2024թ. Յունուար-Դեկտեմբերին արձանագրուած 1000 ամուսնութիւններու համեմատ արձանագրուած է ամուսնալուծութեան 306 դէպք` 2023թ. Յունուար-Դեկտեմբերին արձանագրուած 277-ին համեմատ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment