Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Սիմոնեանն Ու Լիւքսեմպուրկի Փոխվարչապետը Քննարկած Են Հայաստան-Ատրպէյճան Խաղաղութեան Պայմանագրի Մասին Հարցեր

Սիմոնեանն Ու Լիւքսեմպուրկի Փոխվարչապետը Քննարկած Են Հայաստան-Ատրպէյճան Խաղաղութեան Պայմանագրի Մասին Հարցեր

by MassisPost

ՀՀ Ազգային Ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան Լիւքսեմպուրկ կատարած պաշտօնական այցի շրջանակին մէջ, Փետրուար 5-ին, հանդիպած է Լիւքսեմպուրկի Մեծ Դքսութեան փոխվարչապետ, արտաքին գործերու եւ արտաքին առեւտուրի նախարար Քսավիէ Պեթելի հետ:

Կողմերը քննարկած են երկու երկիրներու համագործակցութեան ու հետաքրքրութիւններուն վերաբերող հարցերու լայն շրջանակ:

Առանձին անդրադարձ կատարուած է նաեւ մեր տարածաշրջանին մէջ առկայ իրավիճակին, Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագրին վերաբերող հարցերուն եւ Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներու հայրենադարձութեան թեմային:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment