Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ուաշինկթընի մէջ այցելած է Ճորճթաունի համալսարան: Վարչապետը դիմաւորած է Էտմունտ Վոշլի անուան Արտաքին ծառայութեան հիմնարկի տնօրէն, փրոֆեսոր Ճոուլ Հելմանը:
Նիկոլ Փաշինեան հանդէս եկած է դասախօսութեամբ, որուն ներկայ եղած են քաղաքագիտութիւն, միջազգային յարաբերութիւններ եւ անվտանգութիւն ուսումնասիրող ուսանողներ եւ դասախօսներ:
Վարչապետը իր ելոյթին մէջ անդրադարձած է Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան զարգացման ու ամրապնդման, իրականացուող բարեփոխումներու ընթացքին, տարածաշրջանին մէջ առկայ իրավիճակին, մասնաւորապէս՝ Հայաստանի շուրջ տեղի ունեցած գործընթացներուն եւ առկայ մարտահրաւէրներուն, ինչպէս նաեւ անոնց լուծման քայլերուն:
Վարչապետը ընդգծած է ժողովրդավարութեան ամրապնդման եւ փտածութեան դէմ պայքարի գործին մէջ ՀՀ կառավարութեան յանձնառութիւնը՝ այդ ծիրին մէջ կարեւորելով հիմնարկներու եւ անոնց կարողութիւններուն զարգացումը:
Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձած է նաեւ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ շեշտած ՀՀ կառավարութեան հաւատարմութիւնը խաղաղութեան օրակարգին:
Վարչապետը ներկայացուցած է «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» նախագիծը՝ միտուած տարածաշրջանային հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակման:
Հանդիպման ընթացքին Փաշինեան պատասխանած է նաեւ ուսանողներուն եւ դասախօսներուն հետաքրքրող շարք մը հարցերու: