Երեւանի քաղաքապետարանի քանի մը պաշտօնյաներ ձերբակալուած են: Հակափտածութեան կոմիտէն կը հաստատէ ձերբակալութիւններու փաստը, բայց չի յստակացներ, թէ քանի հոգի են պաշտօնեաները, ովքեր են, ինչի մէջ կը կասկածուին: Կոմիտէի խօսնակը միայն յայտնեց՝ գործողութիւնները կ’իրականացուին քննուող վարոյթի շրջանակներուն մէջ:
«Ազատութեան» տեղեկութիւններով, սակայն, ձերբակալուածներէն մէկը Երեւանի քաղաքապետարանի հասարակական կարգի պահպանութեան ղեկավար Արամ Գիւլզադեանն է: 50-ամեայ նախկին բարձրաստիճան ոստիկանը 2019 թուականէն Երեւանի քաղաքապետարանի Հասարակական կարգի պահպանութեան ծառայութեան ղեկավարն է:
Ձերբակալութիւններուն վերաբերեալ տեղեկութիւնը առաջինը հրապարակած քաղաքապետի խօսնակ Հայկ Կոստանեանն ալ մեկնաբանութիւն չէ տուած: Իսկ ֆէյսպուքեան իր էջով միայն գրած է. «Քաղաքապետարանը համագործակցում է իրաւապահ մարմինների հետ՝ օրէնքով սահմանուած ընթացակարգերին աջակցելու նպատակով»։
«Ազատութեան» տեղեկութիւններով՝ եօթը մարդ ձերբակալուած է, անոնց շարքին են նաեւ քաղաքաշինութեան եւ հողի վերահսկողութեան վարչութեան նախկին պետ Ռոպերթ Դարբինեանը, նոյն վարչութեան տարածքային բաժնի պետ Միքայէլ Ղիմոյեանն ու վարչութեան պետի տեղակալ Արամ Այվազեանը: Միւս երեքին անունները կարելի չէ եղած ճշդել: Հակափտածութեան կոմիտէէն ոչ հաստատած, ոչ ալ հերքած են են այս տեղեկութիւնը: «Ազատութեան» աղբիւրները նաեւ կը նշեն, որ փտածութեան բնոյթի քրէական գործ յարուցուած է՝ կաշառք տալն ու ստանալը:
Քաղաքապետարանին ու վարչական շրջաններուն մէջ վերջին շրջանին դարձեալ ձերբակալութիւններ եղած են:
Մօտ երեք ամիս առաջ իրաւապահները Կեդրոնի թաղապետարանին մէջ էին, չորս հոգի կալանաւորաղ էին՝ պաշտօնատար անձերու կողմէ խումբով կաշառք ստանալու եւ քաղաքացիի կողմէ կաշառք տալու մեղադրանքով: Անկէ առաջ ալ քննիչները Արաբկիրի թաղապետարանէն բերման ենթարկած էին վարչական շրջանի ղեկավար Արամ Ազատեանը, ըստ նախաքննական մարմինին՝ ան կը մեղադրուի կաշառք ստանալու եւ պաշտօնական դիրքի չարաշահման յօդուածով, մեղադրանքը չ’ընդունիր: Այս գործով եւս 12 մեղադրեալ կայ, բայց անոնք բոլորը արդէն ազատութեան մէջ