Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ ԱՄՆ-ի «Հայաստան» Հիմնադրամը $250,000 Կրթաթոշակային Նպաստ կը Տրամադրէ Հարաւային Քալիֆորնիոյ Անտառային Հրդեհներէն Տուժած Հայկական Դպրոցներու Ուսանողներուն

ԱՄՆ-ի «Հայաստան» Հիմնադրամը $250,000 Կրթաթոշակային Նպաստ կը Տրամադրէ Հարաւային Քալիֆորնիոյ Անտառային Հրդեհներէն Տուժած Հայկական Դպրոցներու Ուսանողներուն

by MassisPost

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող «Հայաստան» հիմնադրամը, որ մաս կը կազմէ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի միջազգային ցանցին, 250,000 ամերիկեան տոլար կրթաթոշակային նպաստ կը տրամադրէ հայկական դպրոցներու այն ուսանողներուն, որոնց ընտանիքները տուժած են Հարաւային Քալիֆորնիոյ անտառային հրդեհներէն։

Այս ծրագիրին նպատակն է օժանդակել հրդեհներու պատճառով իրենց տուները կորսնցուցած եւ ֆինանսական դժուարութիւններու դիմաց գտնուող ընտանիքներուն, որպէսզի անոնց երեխաները կարենան շարունակել յաճախել հայկական դպրոցներ։

Միջոցները առաւել կարիքաւորներուն հասցնելու համար՝ Հիմնադրամը անմիջական համագործակցութիւն կը հաստատէ տեղի հայկական դպրոցներուն հետ՝ ապահովելով օժանդակութեան նպատակային եւ արդիւնաւէտ բաշխումը տուժած ընտանիքներու միջեւ։

«Այս ճգնաժամը լուրջ ազդեցութիւն ձգած է մեր համայնքներուն վրայ, ուստի մեր նպատակն է ուսման վարձքի աջակցութեամբ մեղմացնել ընտանիքներու ֆինանսական բեռը եւ հնարաւորութիւն ընձեռել ուսանողներուն՝ առանց ընդհատման շարունակելու իրենց կրթութիւնը», – նշած է ԱՄՆ «Հայաստան» հիմնադրամի ատենապետ Մարիա Մեհրանեանը։

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի ԱՄՆ տեղական մարմինը մեծ ջանք կը թափէ, որպէսզի ուսման վարձքի աջակցութիւնը հասնի շահառուներուն, եւ միջոցները բաշխուին առաւել արդիւնաւէտ կերպով։ Հիմնադրամը յանձնառու կը մնայ համայնքին աջակցելու իր առաքելութեան՝ շարունակելով հետեւիլ իրադարձութիւններուն, որպէսզի հրդեհներէն տուժած երեխաները ստանան իրենց անհրաժեշտ օժանդակութիւնը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment