Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ցիւրիխի մէջ հանդիպում ունեցած է Զուիցերիոյ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ:
Հանդիպման ընթացքին վարչապետ Փաշինեան պատասխանած է ներկաներուն հետաքրքրող շարք մը հարցումներու: Մասնաւորապէս, երկրին ղեկավարը անդրադարձած է Իրական Հայաստանի ռազմավարութեան, Սփիւռքի հետ յարաբերութիւններուն, ինքնութեան պահպանման, Հայաստանի տնտեսական զարգացման, պետական կառավարման համակարգի խնդիրներուն եւ իրականացուող բարեփոխումներու ընթացքին, Հայաստանի ներքին եւ արտաքին մարտահրաւէրներուն եւ զանոնք դիմագրաւելու ուղղութեամբ կառավարութեան քայլերուն:
Վարչապետ Փաշինեանի երկօրեայ աշխատանքային այցը Զուիցերիա աւարտած է: