Հայաստանի ու Միացեալ Նահանգներու միջեւ ստորագրուած ռազմավարական գործընկերութեան մասին համաձայնագիր, որ կը նախատեսէ երկարատեւ եւ լայնածաւալ գործակցութիւն, կը շարունակէ զբաղեցնել Հայաստանի ու սփիւռքի հանրային կարծիքն ու քաղաքական շրջանակները:
Նախկին նախագահ Պայտընի վարչակազմի վերջին օրերուն նման փաստաթուղթի մը ստորագրումը որպէս երեւոյթ ու բովանդակութիւն եզակի կը նկատուի: Հոն արձանագրուած են համագործակցութեան լայն շրջագիծ մը` տնտեսական, ապահովութեան, պաշտպանութեան, ժողովրդավարութեան ամրապնդման եւ այլ մարզերուն մէջ:
44-օրեայ պատերազմէն ետք Հայ քաղաքական միտքը եկաւ այն գիտակցութեան, որ մէկ պետութենէն` այս պարագային Ռուսաստանէն իր ամբողջական կախուածութիւնը չի կրնար շարունակուիլ նախկինի նման, երբ այդ երիկրը բազմաթիւ առումներով սկսած է տկարանալ ու անոր շահերը սկսած են զինք առաջնորդել այլ ուղղութիւններով ու Հայաստանի անվտանգութիւնը դադրած է երաշխաւորուած ըլլալ Մոսկուայի Կողմէ: Երբ Հայաստան որոշեց դուրս գալ այդ կապանքներէն ու վարել բազմաբեւեռ արտաքին քաղաքականութիւն մը, անոր առջեւ բացուեցան նոր դռներ: Զէնքի մատակարարում Հնդկաստանէն ու Ֆրանսայէն, լայնամաշտաբ համագործակցութեան պայմանագիր Եւրոպական ընտանիքին հետ` ապագային Եւրոպական Միութեան անդամ դառնալու հեռանկարով, Իրանի հետ սերտ յարաբերութիւններ ու բազմաթիւ այլ երկիրներու ու կառոյցներու հետ համագործակցութեան քայլեր, այս բոլորի ամբողջացումն էր աշխարհի ամենէն հզօր պետութեան հետ ռազմավարական գործընկերութեան պայմանագրի ստորագրումը:
Ուշագրաւ էր, որ այս հարցով Ռուսաստանի արձագանքը սպասուածէն աւելի զուսպ էր: Մոսկուան յայտարարեց, որ այդ Հայաստանի ներքին գործն է: Իսկ ինչ կը վերաբերի Պաքուին, գերիշխող էր լռութիւնը: Միակ ձայն բարձրացնողները եղան ծանօթ շրջանակններ, որոնք կնքուած համաձայնութեան մէջ կը տեսնեն վտանգ Հայաստանի ապագային համար ու Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւններու «փճացումը»: Անոնց այս մօտեցումը չունի հիմնաւորում, քանի որ Երեւանը կը կարողանայ շատ ճկուն ձեւով նաւարկել այս բոլորին մէջէն: Վարչապետ Փաշինեանի հեռաձայնային խօսակցութիւնը նախագահ Փութինի հետ ու արտաքին գործոց նախարարի այցը Մոսկուայ կ’ինան այս ծիրին մէջ:
Ինչպէս որ Ռուսաստանը ինքնիրեն իրաւունք կը վերապահէ ռազմավարական դաշինք կնքելու Ատրպէյճանի հետ, որ ամէն օր պատերազմով կը սպառնայ իր միւս դաշնակիցին` Հայաստանին, նոյնպէս ալ այս վերջինը իրաւունք ունի իր երկրի շահերը ու ապահովութեան երաշխիքները փնտռելու հոն ուր պէտք է:
Ճիշդ է որ, իւրաքանչիւր վարչակազմ կ’ունենայ իր յատուկ մօտեցումները, սակայն Ամերիկայի արտաքին քաղաքականութեան հիմնական ուղղութիւնները կը մնան անփոփոխ, ով որ ալ ըլլայ Սպիտակ Տան բնակիչը: Յոյսով ենք, որ Միացեալ Նահանգներու հետ խորացող այս յարաբերութիւնները նոյն թափով կը շարունակուին նախագահ Թրամփի եւ նորանշանակ պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիոյի օրօք: Ռուպիոն ծանօթ է տարածաշրջանի իրադարձութիւններուն եւ մէկէ աւելի անգամներ դատապարտած է Ատրպէյճանի վարած ապակայունացման քաղաքականութիւնը: Ան 2023-ի Սեպտեմբերին, յայտարարած էր որ Ամերիկացի հարկատուներու գումարները պէտք չէ ուղղուին Ատրպէյճանին:
Ամերիկայի հետ ստորագրուած այս վերջին պայմանագիրը թէեւ ինքնին չերաշխաւորեր Հայաստանի անվտանգութիւնը եւ սահմաներու անձեռնմխելիութիւնը, սակայն այդ ուղղութեամբ առնուած յաւելեալ ու կարեւոր քայլ մըն է, որուն մօտաւոր ու հեռաւոր արդիւնքները ի յայտ կու գան ժամանակի ընթացքին:
ԳՐԻԳՈՐ ԽՈՏԱՆԵԱՆ
«ՄԱՍԻՍ»