Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Քանզասի Զինուորական Պատուիրակութիւնը Այցելած Է Հայաստան․ ՊՆ-ի Մէջ Քննարկուած Են Համագործակցութեան Ուղղութիւններ

Քանզասի Զինուորական Պատուիրակութիւնը Այցելած Է Հայաստան․ ՊՆ-ի Մէջ Քննարկուած Են Համագործակցութեան Ուղղութիւններ

by MassisPost

Հայաստան-Քանզաս համագործակցութեան ծրագրի շրջանակին մէջ Յունուար 21-23 աշխատանքային այցով Հայաստան այցելած է Քանզաս նահանգի զօրավար, ազգային զօրքի հրամանատար, գումարտակի զօրավար Մայքըլ Վեներտիի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

Յունուար 22-ին ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութեան վարչական համալիրին մէջ, Քանզասի պատուիրակութիւնը ընդունած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ, Զինուած Ուժերու գլխաւոր շտաբի պետ, զօրավար-լեյթենանթ Էտուարտ Ասրեանը:

Կողմերը, բարձր գնահատելով Հայաստան-Քանզաս նահանգային գործընկերութեան ծրագրի իրականացման ներկայիս մակարդակը, ընդգծած են, որ համագործակցային դաշտի ընդլայնման լաւ հնարաւորութիւններ կան, եւ պատրաստակամութիւն յայտնած են աշխատելու այդ ուղղութեամբ:

Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները անդրադարձած են նաեւ պաշտպանութեան ոլորտին մէջ Հայաստան-ԱՄՆ համագործակցութեան օրակարգին վերաբերող հարցերու:

Յունուար 23-ին հիւրերը ընդունած է նաեւ ՀՀ ՊՆ պաշտպանական քաղաքականութեան եւ միջազգային համագործակցութեան վարչութեան պետ Լեւոն Այվազեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment