Ատրպէյճան-Հայաստան․ 2024 թուականը նշանաւորուած է երկկողմ բարձրաստիճան հանդիպումներու, շփումներու եւ գրաւոր հաղորդակցութեան աշխուժութեամբ՝ հիմնականին մէջ շօշափելով յարաբերութիւններու բնականոնացման, խաղաղութեան համաձայնագրի բնագրի համաձայնեցման, սահմանի սահմանագծման ու սահմանազատման, ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման, մարդասիրական եւ այլ հարցեր։ Մեծ հաւանականութեամբ 2025 թուականին Հայաստան-Ատրպէյճան տարբեր հարցերով բանակցութիւններու երկկողմ ձեւաչափերը պիտի շարունակեն մնալ մինչ այս կողմերու փորձածներէն աւելի արդիւնաւէտը։ Այդ մասին ըսուած է Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին Հետախուզութեան Ծառայութեան հրապարակած ՀՀ արտաքին վտանգներու վերաբերեալ 2025 թուականի տարեկան զեկոյցին մէջ։
«Տարբեր փաստերի, տեղեկութիւնների ու երեւոյթների վերլուծութեան հիման վրայ սոյն զեկոյցի հրապարակման պահի դրութեամբ Ատրպէյճանի կողմից Հայաստանի դէմ լայնամասշտաբ ռազմական յարձակման հաւանականութիւնը բարձր չենք գնահատում։ Միաժամանակ, պայմանագրահենք խաղաղութեան եւ միջպետական յարաբերութիւնների բացակայութեան պայմաններում որպէս Հայաստանի դէմ ուժի սպառնալիքի ատրպէյճանական քաղաքականութեան գործիքակազմի մաս, կը շարունակի պահպանուել սահմանին տեղային լարուածութիւնների եւ սրման յառաջացման վտանգը, որի որոշակի նուազեցման երաշխիք կարող է լինել 2024 թուականից մեկնարկած սահմանազատման եւ սահմանագծման գործընթացի սահուն շարունակութիւնը՝ համաձայն երկուստեք հաստատուած ընթացակարգի։ Այս ծիրին մէջ Ծառայութեան խնդիրն է շարունակաբար գնահատել, թէ արդեօք Ատրպէյճանի կողմից Հայաստանի անկախութեան, ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան դէմ տարբեր վնասակար խօսոյթների հետեւողական զարգացումը եւ ֆինանսաւորումը Հայաստանի դէմ ուժի կիրառման սեփական մտադրութեան «օրինականացման» դրսեւորում է։ Այդ խօսոյթներէն են այսպէս կոչուած «Արեւմտեան Ատրպէյճանի եւ արեւմտեան ատրպէյճանցիների», «Հայաստանի ռազմականացման», «վրէժխնդրութեան», «Զանգեզուրի միջանցքի» խօսոյթները»,- կը նշուի զեկոյցին մէջ։