Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Միջազգային Կառոյցները ԵԽԽՎ-ին Կոչ Կ’ընեն Չվերականգնելու Պաքուի Լիազօրութիւնները, Կամ Պայմաններ Դնելու

Միջազգային Կառոյցները ԵԽԽՎ-ին Կոչ Կ’ընեն Չվերականգնելու Պաքուի Լիազօրութիւնները, Կամ Պայմաններ Դնելու

by MassisPost

Միջազգային իրաւապաշտպան կառոյցները ԵԽԽՎ-ին կոչ կ’ընեն չվերականգնելու ատրպէյճանական պատուիրակութեան լիազօրութիւնները կամ վերականգնելու բացառապէս «յստակ պայմաններով»։

Տասը միջազգային կազմակերպութիւններ ԵԽԽՎ-ին յղած նամակի մէջ կը պնդեն, որ Ալիեւի վարչակազմը չի համագործակցիր միջազգային մեխանիզմներու հետ, չի լուծեր մարդու իրաւունքներու համակարգային խախտումները, վերջին մէկ տարուայ ընթացքին ալ մերժած է համագործակցիլ Եւրոպայի Խորհուրդի խոշտանգումներու կանխարգիլման կոմիտէին հետ։

Նամակը հեղինակած կազմակերպութիւնները, այդ շարքին՝ Freedom now-ը, Human Rights House հիմնադրամը, Human Rights Watch-ը կ’ընդգծեն, որ ատրպէյճանական պատուիրակութեան ԵԽԽՎ վերադառնալու համար Պաքուն նախ պէտք է անյապաղ ազատ արձակէ բանտարկուած քաղաքացիական աքթիվիսթները, լրագրողները, իրաւապաշտպանները։

ԵԽԽՎ-ն 2024-ի Յունուար 24-ին որոշեց չվաւերացնել Ատրպէյճանի պատուիրակութեան լիազօրութիւնները: Այս որոշմամբ Ատրպէյճանի պատուիրակութիւնը առնուազն մէկ տարիով հեռացուեցաւ ԵԽԽՎ-էն։

Պաքուն կառոյցի անդամ է 2001-ի Յունուար 25-էն։

ԵԽԽՎ-ն իր այդ աննախադէպ որոշման հիմքին շարք մը պատճառներ նշած էր, այդ շարքին՝ Լաչինի միջանցքի արգելափակումն ու անոր լրջագոյն հետեւանքները։

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւն ալ յայտնած էր, թէ ԵԽԽՎ-ի մէջ «Ատրպէյճանի դէմ կողմնակալ ու կեղտոտ արշաւ սկսած է»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment