Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Մեր Խնդիրը Առաջին Հերթին Չվնասելն Է. Փաշինեան՝ Գերիներու Վերադարձի Համար Ջանքերուն Մասին

Մեր Խնդիրը Առաջին Հերթին Չվնասելն Է. Փաշինեան՝ Գերիներու Վերադարձի Համար Ջանքերուն Մասին

by MassisPost

Հայաստանի իշխանութիւնը դիւանագիտական շփումներուն մէջ, դիւանագիտական օրակարգին վրայ մշտապէս կը պահէ Ատրպէյճանի մէջ ապօրինաբար պահուող հայ գերիներու վերադարձի հարցը ու պիտի շարունակէ այդ ուղղութեամբ ջանքերը:

Այս մասին վստահեցուց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ԱԺ–կառավարութիւն հարցուպատասխանին՝ անդրադառնալով «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեանի հարցումին՝ Պաքուի մէջ հայ գերիներու կեղծ դատավարութեան վերաբերեալ:

«Այն տեղեկութիւնները, որոնք մենք իմացանք եւ այն տեսարանները, որ մենք տեսանք, մտահոգիչ են: Բայց պէտք է արձանագրեմ, որ մենք այս իրավիճակին մօտենում ենք առաջին հերթին չվնասելու տրամաբանութեամբ: Մեր դիւանագիտական շփումներում, մեր դիւանագիտական օրակարգում այդ հարցը մշտապէս ներկայ է: Եւ շարունակելու ենք այդ ուղղութեամբ մեր ջանքերը, որ հասնենք արդիւնքի: Մեր խնդիրն առաջին հերթին չվնասելն ու արդիւնքին միտուած աշխատանք իրականացնելն է»,– ըսաւ Փաշինեան:

Անդրադառնալով ընդդիմադիր պատգամաւորին քննադատութեան՝ սրտացաւ ու նախանձախնդիր վերաբերմունք չցուցաբերելու վերաբերեալ, վարչապետը հաւաստիացուց. «Ես հիմա կարող եմ Ձեր ասած հայրենասիրական զգացումները բաւարարող յայտարարութիւն անել: Բայց այդ յայտարարութեան ազդեցութիւնն ու հետեւանքներն այդ մարդիկ զգալու են բանտում իրենց մաշկի վրայ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment