Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀՀ Օրհներգի Փոփոխութեան Մասին Օրէնքը Առաջին Ընթերցմամբ Ընդունուեցաւ

ՀՀ Օրհներգի Փոփոխութեան Մասին Օրէնքը Առաջին Ընթերցմամբ Ընդունուեցաւ

by MassisPost

ՀՀ Ազգային Ժողովի նիստին առաջին եւ երկրորդ ընթերցմամբ ու ամբողջութեամբ ընդունուեցան շարք մը նախագծեր:

Առաջին ընթերցմամբ ընդունուածներու շարքին է «ՀՀ օրհներգի մասին» օրէնքին մէջ առաջարկուող փոփոխութիւններու նախագիծը, որով կը նախատեսուի ՀՀ օրհներգի նկատմամբ միասնական չափանիշ սահմանել վերջինիս բնագրին, երաժշտութեան, տեւողութեան մասով:

«ՀՀ օրհներգը պէտք է սկսուի այն քառատողով, որով սկսուել է, բայց աւարտուի գործող օրհներգի բնագրում գրուած երկրորդ քառատողով, այսինքն՝ «…թող միշտ պանծայ Հայաստան»-ով»:

Նախագիծի հեղինակը «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր Սիսակ Գաբրիէլեանն է:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment