Home Uncategorized Հայաստանի Արտաքին Գործերու Նախարարին Հետ Բաց Քննարկում Ունեցած Ենք Եւ Շարք Մը Հարցերու Մէջ Հասած Ենք Փոխընդունելի Հանգուցալուծման․ Լաւրով

Հայաստանի Արտաքին Գործերու Նախարարին Հետ Բաց Քննարկում Ունեցած Ենք Եւ Շարք Մը Հարցերու Մէջ Հասած Ենք Փոխընդունելի Հանգուցալուծման․ Լաւրով

by MassisPost

Ռուսաստանի Դաշնութեան արտաքին գործերու նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնած է, որ Հայաստանի արտաքին գործերու նախարարի հետ բաց քննարկում ունեցած են հայ-ռուսական յարաբերութիւններու գործնականին մէջ ամբողջ մերտերու վերաբերեալ եւ ամբողջ շարք մը հարցերու մէջ կարելի եղած է հասնիլ փոխընդունելի հանգուցալուծման։

Սերկէյ Լաւրով այս մասին ըսաւ ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ հանդիպման արդիւնքներով Յունուար 21-ին հրաւիրուած համատեղ ասուլիսին։

«Մեր միջեւ կը պահպանուի պարբերական երկխօսութիւնը բարձրագոյն մակարդակով։ ՌԴ նախագահն ու ՀՀ վարչապետը մէկ անգամ չէ, որ հանդիպած են անցած տարուայ աշնան ու ձմրան, օրերս տեղի ունեցաւ հեռախօսազրոյց։ Մենք Արարատ Միրզոյեանի հետ համամիտ ենք, որ նմանատիպ շփումները ղեկավարներու միջեւ կ’ուղղորդեն հետագայ համագործակցութեան զարգացումը երկու երկիրներու, այդ շարքին՝ արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններու միջեւ։

«Մեր կողմէ մենք ընդգծած ենք հաւատարմութիւնը Երեւանի հետ պայմանաւորուածութիւններու ամբողջ  համալիրին, այդ շարքին՝ ռազմաքաղաքական ոլորտին մէջ, որ ձեւակերպուած է երկկողմ մակարդակով եւ մեր ընդհանուր համարկումի միաւորումներու շրջանակին մէջ»,- նշեց Լաւրով՝ յոյս յայտնելով, որ երկու երկիրներուն միջեւ ձեւաւորուած երկարամեայ փոխշահաւէտ կապերը պահանջուած կը մնան բոլոր ուղղութիւններով, այդ շարքին՝ ռազմաքաղաքական, տնտեսական, մշակութային եւ մարդասիրական, փոխշահաւէտ ուղղութիւններով համագործակցութիւնը կը շարունակուի։

Արարատ Միրզոյեան Սերկէյ Լաւրովի հետ հանդիպման ընթացքին յայտնած է, որ Հայաստան շահագրգռուած է Ռուսաստանի հետ արդիւնաւէտ քաղաքական երկխօսութեամբ եւ յոյս յայտնած է, որ Ռուսաստանը հետագային հաշուի կ’առնէ կատարուողի բոլոր շերտերը՝ խուսափելով միակողմանի մեկնաբանութիւններէն:

«Իմ այցը բաւականին արդիական է մեր երկկողմ յարաբերութիւնների զարգացման աշխուժութեան լոյսի ներքոյ: Կարծում եմ, որ այս այցը լաւ հնարաւորութիւն է քննարկելու երկկողմ համագործակցութեան հարցերը, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային եւ միջազգային օրակարգի մի շարք արդիական հարցերի շուրջ մտքերի հանգամանալից փոխանակում իրականացնելու համար։ Հայաստանը մշտապէս հաւատարիմ է եղել բաց եւ կառուցողական երկխօսութեան սկզբունքին: Եւ յուսով ենք՝ ռուսական կողմը հետագայում հաշուի կ’առնի կատարուողի բոլոր երեսակները՝ խուսափելով միակողմանի մեկնաբանութիւններից, որոնք, ցաւօք, տեսել ենք վերջին շրջանում»,- ըսած է Միրզոյեան:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment