«Ժողովրդավարութեան եւ անվտանգութեան տարածաշրջանային» կեդրոնի նախագահ Տիգրան Գրիգորեան հնարաւոր քանի մը միտում կը կանխատեսէ, թէ ինչպիսի քաղաքականութիւն պիտի վարէ ԱՄՆ նորընտիր նախագահ Տոնալտ Թրամփի վարչակազմը Հարաւային Կովկասի մէջ: Քաղաքագէտը չի բացառեր, որ նոր վարչակազմին համար տարածաշրջանը կրնայ աւելի քիչ կարեւորուիլ։
«Կը կարծեմ՝ ռուս-ուքրանական պատերազմի մեկնարկէն յետոյ ԱՄՆ-ի աշխոյժ ներգրաւուածութիւնը ինչ-որ չափով զսպող դերակատարութիւն ունեցաւ, այժմ կայ վտանգ, որ այդ ներգրաւուածութիւնը աւելի ցած պիտի ըլլայ»,- «Ազատութեան» հետ զրոյցին ըսաւ ան:
Ուաշինկթընի ներկայութեան նուազումը տարածաշրջանին մէջ, ըստ քաղաքագէտին, պիտի աւելցնէ սպառնալիքները Ատրպէյճանի կողմէ՝ նոյնիսկ նոր յարձակման հրահրման հնարաւորութիւն տալով Պաքուին. «Ի հարկէ, նախագահ Թրամփի կողմէ օգտագործուող հռետորաբանութիւնը եւս կրնայ բացասական ազդեցութիւն ունենալ: <> Երբ Թրամփ չի բացառեր, որ կրնար նոյնիսկ ուժ կիրառուիլ տարբեր խնդիրներ լուծելու համար, սա յստակ ազդակ կը յղէ Ալիեւի պէս դերակատարներուն, որ խաղի միջազգային կանոնները կրնան փոխուիլ»:
Գրիգորեանի կարծիքով՝ Հայաստանի համար վտանգաւոր պիտի ըլլայ, եթէ Ուաշինկթըն աւելի կոշտ քաղաքականութիւն վարէ Թեհրանի նկատմամբ։ Քաղաքագէտը ըսաւ՝ անկէ եւս Պաքուն կրնայ օգտուիլ։
Թրամփի երդմնակալութենէն ուղիղ մէկ շաբաթ առաջ Հայաստանը եւ Միացեալ Նահանգները ստորագրեցին Ռազմավարական գործընկերութեան յանձնաժողովի կանոնադրութիւնը։ Այն Երեւանի ու Ուաշինկթընի միջեւ կը նախատեսէ համագործակցութեան քանի մը ոլորտներ, կ’ընդգծուի ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան պաշտպանութիւնը:
«Այս փուլին դժուար է խանխատեսումներ ընել, բայց կայ հաւանականութիւն, որ նախորդ վարչակազմի խանդավառութիւնը այս վարչակազմի պարագային պիտի չըլլայ: Փաստաթուղթին առումով լուրջ խնդիրներ պիտի չըլլան»,- նկատեց Տիգրան Գրիգորեան: