Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թուրքիոյ ԱԳՆ-ն Բարձր Կը Գնահատէ Երկու Յանցագործի Արտայանձնման Գործով Հայաստանի Համագործակցութիւնը

Թուրքիոյ ԱԳՆ-ն Բարձր Կը Գնահատէ Երկու Յանցագործի Արտայանձնման Գործով Հայաստանի Համագործակցութիւնը

by MassisPost

Թուրքիոյ Արտաքին գործերու նախարարութիւնը իր էջով անդրադարձած է կազմակերպուած յանցաւորութեան մէջ ներգրաւուած երկու անձերու Հայաստանէն Թուրքիա արտայանձնման՝ բարձր գնահատելով այս հարցով Հայաստանի ցուցաբերած համագործակցութիւնը։

Արձագանգելով Ինթըրփոլի Կարմիր ծանուցմամբ ներկայացուած խնդրանքին՝ 2025 թուականի Յունուար 19-ին Հայաստանը Թուրքիոյ արտայանձնած է երկու անձ, որոնք Թուրքիոյ մէջ ներգրաւուած եղած են կազմակերպուած յանցաւորութեան մէջ:

Թուրքիոյ Ներքին գործերու նախարարութիւնը իրադարձութեան անդրադարձած է X-ի էջով՝ նշելով, որ արտայանձնուած անձերէն մէկը կազմակերպուած յանցաւոր կազմակերպութեան պարագլուխ Էրքան Եըլմազն է, միւսը՝ կազմակերպութեան անդամ Իպրահիմ Քայմաքը։

Էջին վրայ նաեւ տեղադրուած են նկարներ, թէ ինչպէս երկու յանցագործները կը հասցնեն Թուրքիա։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment