Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ատրպէյճանը Էական Քայլեր Չէ Ձեռնարկած՝ Երաշխաւորելու ԼՂ-էն Տեղահանուած Հայերու Անվտանգ Վերադարձը․ HRW Զեկոյց

Ատրպէյճանը Էական Քայլեր Չէ Ձեռնարկած՝ Երաշխաւորելու ԼՂ-էն Տեղահանուած Հայերու Անվտանգ Վերադարձը․ HRW Զեկոյց

by MassisPost

«Չնայած ստանձնած պարտաւորութիւններուն՝ Ատրպէյճանը էական քայլեր չէ ձեռնարկած՝ երաշխաւորելու Լեռնային Ղարաբաղէն տեղահանուած հայերու անվտանգ ու արժանապատիւ վերադարձը, կամ վերականգնելու անոնց սեփականութեան իրաւունքները»,- յայտարարած է միջազգային Human Rights Watch կազմակերպութիւնը՝ անցեալ շաբաթավերջին հրապարակած տարեկան զեկոյցին մէջ։

Նոյն զեկոյցին՝ Հայաստանի վերաբերեալ բաժնին մէջ կը նշուի, որ ամբողջ 2024-ին «հանրային քննարկումներուն մէջ կը գերակշռէր անապահովութեան զգացումը՝ Ատրպէյճանի հետ տակաւին չկարգաւորուած հակամարտութեան պատճառով»։

Անդրադառնալով ներքաղաքական հարցերուն՝ հեղինակաւոր կազմակերպութիւնը երկրորդ տարին անընդմէջ կը խօսի
հայաստանեան ոստիկանութեան կողմէ արձանագրուած չարաշահումներու, ու անոնց համար համարժէք պատիժի բացակայութեան մասին։

Օրինակ բերելով Յունիս 12 -ին խորհրդարանին մօտ ցուցարարներու եւ ոստիկաններու միջեւ տեղի ունեցած բախումները՝ Human Rights Watch-ը կը գրէ՝ «իրաւապահները, ըստ հաղորդումներու, մեծ քանակութեամբ ձայնային նռնակներ կիրառեցին ցուցարարներու ուղղութեամբ՝ մօտ տարածութենէ, որմէ յետոյ հարիւրէ աւելի մարդ դիմեց բժշկական օգնութեան»։

Որպէս դրական զարգացում կը նշուի, որ կառավարութիւնը հրաժարեցաւ տեսխցիկներու մասին վիճայարոյց օրէնքէն, որուն ընդունման պարագային
Երեւանի մէջ աշխատող մասնաւոր ընկերութիւնները պէտք է շէնքերու մուտքերուն տեսախցիկներ տեղադրէին՝ շուջօրեայ հասանելիութիւն ու ըստ պահանջի ձայնագրութիւններ տրամադրելով ոստիկանութեան։

«Սա պիտի ըլլար կամայական ու չհիմնաւորուած ոտնձգութիւն մարդու անձնական կեանքի իրաւունքի դէմ»,- կը փաստէ միջազգային կազմակերպութիւնը՝ յիշեցնելով, որ այս մասին քանի մը նամակ ուղարկած է Հայաստանի կառավարութեան, մինչեւ որ վերջինս որոշած է ետ կանգնիլ այդ նախաձեռնութենէն։

Տեղեկատուութեան ազատութեան ու կարծիքներու արտայայտման բաժնին մէջ կը նշուի, որ 2024-ի առաջին կէս տարուայ ընթացքին «Խօսքի ազատութեան պաշտպանութեան կոմիտէն» փաստագրած է լրագրողներու եւ նկարողներու դէմ ֆիզիքական բռնութեան 14 դէպք՝ ոստիկանութեան ու անյայտ անձերու կողմէ, ինչպէս նաեւ այլ տիպի ճնշումներու 43 դէպք։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment